Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրն է

Այլեւայլ, Հայաստան

Մայրենի լեզուի միջազգային օրը, սկսած 2000 թուականէն, ամէն տարի կը նշուի Փետրուար 21-ին:

Այն նպատակ ունի նպաստելու լեզուական ու մշակութային բազմազանութեան եւ բազմալեզւութեան։

Այս ամսաթիւը ընտրուած է ի յիշատակ Տաքքայի մէջ (այժմ` Պանգլատեշի մայրաքաղաքը) 1952-ի Փետրուար 21-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, երբ ոստիկաններու կրակոցներէն զոհուած էին իրենց մայրենի պենգալի լեզուի պաշտպանութեան համար ցոյցի ելած ուսանողները: Անոնք կը պահանջէին պենգալին՝ երկրի պետական լեզուներէն մէկը ճանչել: