Խոհեր` Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով. Երբ Կ՛ամչնանք Հայերէն Խօսելէ (21 Փետրուար)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ


Հայրենիքէ հեռու ըլլալու իրողութիւնը շատերու համար պատճառ է եղեր, որ անոնք չխօսին իրենց մայրենին, միաձուլուին տուեալ երկրի «պատկանելիութեան» հետ եւ, իբրեւ «տիպար» աշխարհաքաղաքացի, սորվին օտարի լեզուն, իւրացնեն անոր բարքերը, տէր ըլլան պատմութեան եւ մշակոյթին, այլ խօսքով` համարկուին տեղական միջավայրին ու մթնոլորտին մէջ, որպէսզի կարենան օգտուիլ պետական թէ հանրային բարիքներէ եւ ապահովեն իրենց ապրուստը:

Այսպէս, անոնք տակաւ առ տակաւ կը հեռանան իրենց ինքնութենէն եւ մոռացութեան կու տան անուն-մականուն, արեան ժառանգութիւն, ազգային լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ եւ պատկանելիութեան զգացողութիւն:

Ու այսպէս դարեր շարունակ հայու տխուր օրագրութեան մաս կազմող նման վիճակներ արձանագրուած են, եւ ցարդ մենք ականատես կ՛ըլլանք անոնց, հակառակ հայաշունչ գաղութներու գոյութեան, հայրենի պետութեան վերականգնման եւ արդի հաղորդակցութեան միջոցներու առկայութեան:

Ի դէպ, տղայական արտայայտութիւն պիտի ըլլար ամբողջապէս յանցանքը բարդել հայ անհատին ուսերուն` մեղադրելով զայն իր օտարամոլի մօտեցումին եւ կեցուածքին համար, այլապէս դատապարտելու, որ ան կամովին հեռացած է իր ինքնութենէն, մայրենի լեզուէն ու առհաւական ժառանգութենէն, ինչպէս նաեւ` նզովելու, որ ան առանց դոյզն չքմեղանքի իր զաւակները յանձնած է օտար վարժարանի կրթութեան եւ օտարոտի բարքերու իւրացման:

Եթէ երբեք գոյութիւն ունին տարբեր բացատրութիւններ կամ արդարացումներ որոշ պարագաներու, այլապէս ալ ինչպիսի մօտեցում պէտք է ցուցաբերել բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք գիտակցաբար ու կամովին իրենց զաւակները կը զրկեն հայեցի դաստիարակութենէ ու մեսրոպաշունչ մթնոլորտէ:

Իրօք, ինչպէ՞ս հասկնալ այն երեւոյթը, որ սկսած է տարածուիլ ահագնօրէն, երբ հայ վարժարան աւարտած ծնողք(ներ) մը, իր զաւակները կ՛ուղարկէ օտար վարժարան` յանձն առնելով եռապատիկ նիւթական պարտաւորութիւն, պարզապէս յագուրդ տալու իր օտարամոլի բարդոյթին եւ շրջապատի ազդեցութեան:

Ի՞նչ բացատրութիւն տալ այն հայ ծնողքին, որ, զոհ դառնալով շռայլամիտ եւ զեխ կեանքի փշրանքներուն, իր զաւակները կը յանձնէ օտարի կրթութեան, սակայն կը փափաքի, որ անոնք շաբաթը մէկ ժամ հայերէն սորվին ու մօտ ըլլան հայ կեանքին:

Նորահաս սերունդի մօտ ապազգային վերաբերումը այնքան սկսած է արմատ նետել, որ հետագայ տարիներու աւերները արդէն զգալի կը դառնան հայ կեանքին մէջ: Փաստօրէն, հայ երիտասարդ-երիտասարդուհին համալսարանական կեանքի ընթացքին թէ տարբեր առիթներու կը նախընտրէ օտար լեզուով (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն) խօսիլ իր հայ դասընկերոջ հետ, պարզապէս «խելացի» կամ «նորարար» երեւնալու մարմաջէն տարուած:

Հարկ է միանգամայն շեշտադրել, որ օտար լեզուներու տիրապետումը աւելի քան հրամայական եւ անհրաժեշտութիւն է մեզի համար, քայլ պահելու արդի կեանքի ու գիտութեան պարտադրանքներուն հետ: Իսկ իբրեւ հայութիւն օտար լեզուներու հետ մօտէն առնչուիլը ոչ միայն հարստութիւն է, այլեւ` քաղաքական հասունութեան մակարդակ եւ տարբեր մշակոյթներու ծանօթացման պատեհ առիթ:

Մտահոգիչը կը մնայ այն, որ օտար լեզուներու իմացումը կամ ծանօթացումը կ՛ըլլայ ի հեճուկս հայոց լեզուին, կը դառնայ ողբերգութիւն, երբ անհատ մը, հաւաքականութիւն թէ գաղութ տակաւ կը կորսնցնէ մայրենին ու «կը գերեվարուի» տեղւոյն լեզուին կողմէ, պարզապէս օր մը կոչուելու` ծագումով հայեր:

Խիզախ հայ անհատը, ղեկավարն ու պատասխանատուն պէտք է ունենայ բաւարար քաջութիւն ցոյց տալու մետալին միւս երեսը: Այսինքն` չի բաւեր յանցաւոր տեսնել դիմացինը` օտարամոլը, այլ պարտաւոր ենք իբրեւ ազգ, պետութիւն ու գաղութահայ իրականութիւն դուրս գալ կաղապարուած մտածելակերպէ եւ ամէն ճիգ ի գործ դնել հզօրացնելու պաշտպանական համակարգը` մայրենին, կիրառելու այնպիսի միջոցներ (նիւթական ու բարոյական), որդեգրելու ձեւեր եւ ստեղծելու անհրաժեշտ պայմաններ, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ նուազագոյնի հասցնել գործուած աւերը, ինքնութեան ու արժանապատուութեան կորուստը:

Գաղտնի՞ք մը յայտնած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք բարձրաձայն գոչենք, թէ առանց մայրենի լեզուին ի՜նչ հայութիւն, ի՜նչ հայրենիք ու ապագայակերտ աշխատանք:

Առանց ոսկեղինիկի պաշտպանութեան, ի՜նչ պայքար ու յաղթանակ:

Յաճախ կը կարդանք, առաւել` կ՛իմանանք, եւ սա բացայայտ իրողութիւն է, որ պետութիւններ (հզօր թէ տկար) աներեւակայելի գումարներ կը ծախսեն, ճիգ ու կորով կը ներդրեն, մարդուժ կը տրամադրեն` պահելու եւ պահպանելու իրենց մայրենին, որպէսզի առաջին հերթին կարենան մաս կազմել արդի կեանքին ու քաղաքակրթական նուաճումներու, եւ ապա իրենց, այսպէս ըսած, նուրբ ազդեցութիւնը բանեցնելու շրջապատին, աշխարհին:

Փաստօրէն, ի՛նչ բանի պիտի ծառայեն գաղութահայ կեանքի կառոյցները, հայապահպանման օճախները, կազմակերպուած գիտական ժողովները, տարբեր բնոյթի խորհրդաժողովները, տասնամեակներու նուիրական աշխատանքները, հայը հա՛յ պահելու համոզմունքն անգամ, եթէ երբեք օրէ-օր եւ մեր աչքերուն դիմաց հայերէնը` մեծասքանչը կը դադրի ազգային գոյութենական արժէք ըլլալէ եւ մասամբ նորին:

Հարկաւոր է, եթէ ուշացած չենք, ազգովին` ի հայրենիք թէ սփիւռս աշխարհի, յայտարարել հայոց պաշտպանական համակարգի` հայերէնին տէր կանգնելու մեր հաւաքական նախանձախնդրութիւնը, ծնունդ տալով համազգային կշիռ ունեցող կառոյցներու եւ մարդուժի, յանուն գալիք սերունդներու փրկութեան:

Յառաջադէմ երկիրներ առաւել զարգանալու համար կ՛աշխատին օրն ի բուն, արմատախիլ ընելու ներազգային կեանքի ու պետական մակարդակի փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, որպէսզի կարենան առողջ հիմերով հասարակութիւն ունենալ, տիպար արդարադատական համակարգ ձեւաւորել եւ ազգային արժէքները ոգի ի բռին պաշտպանել:

Գաղութահայ կեանքը պիտի կարենայ վերականգնիլ, բարգաւաճիլ, իմաստ ունենալ, եթէ երբեք որոշէ ստեղծել համապատասխան համակարգ, որպէսզի առաջին հերթին տէր կանգնի մայրենիին, ապա` հետագայ սերունդներու ճակատագիրին: