Միտքեր Յեղաշրջող Ապստամբութիւնը (98-ամեակ)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 


    …18 փետրուար 1921-ին Երեւանի բանտին դիմաց գտնուող որբանոցի սաները` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ, խուռներամ սկսան երգել «Մեր հայրենիք»-ը` առանց յստակ գիտնալու, թէ դուրսը ի՛նչ կը կատարուի:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
«Ազդակ», 2 փետրուար 2019

Հանրածանօթ հրապարակագիրին վերոնշեալ տողերը պահիկ մը մեր միտքին ու հոգիին դռները թակեցին, որովհետեւ անոնք կ՛ընդգրկէին գերազանց երկու արժէք` փետրուարի 18 եւ «Մեր հայրենիք»-ը:

Յօդուածագիր մեր ընկերը իր մտածումները կառուցած էր բացառապէս քայլերգին վրայ ու շեշտադրած անոր կարեւորութիւնը` իբրեւ ազգային հոգեմտաւոր շտեմարանի վաւերական արտայայտութիւն եւ անփոխարինելի արժեհամակարգ:

Փաստօրէն, ազգային պատմակշիռ թուականի ու դիպաշարի մը առիթով` հայ որբուկներու շրթներուն արձագանգող մեր քայլերգը, խորքին մէջ յաւելեալ ապացոյց մըն է, թէ անոնք իրարմով ապրող եւ իմաստաւորուող արժէքներ են, որոնք էապէս կ՛առնչուին ազգին, անոր լինելութեան ու ապագային:

Ճիշդ է, որ ազգային արժանապատուութեան սիւներէն հանդիսացող` ըմբոստ ոգին ու քայլերգը, հայութեան հաւաքական յիշողութեան մաս կը կազմեն, ու պիտի մնա՛ն իբրեւ այդպիսին, անոնք այլապէս ալ մերթ ընդ մերթ «կը հալածուին» ու «կ՛անտեսուին» հոգեպէս խեղճացած ու մտովին տկլոր անհատներու կողմէ:

Արդարեւ, ինչպիսի՞ բնորոշում տալ նման մօտեցումներու թէ կեցուածքներու, արդեօք ազգային դառն ճակատագի՞ր, թէ՞ բախտախնդիր դրսեւորումներ են անոնք, որոնք կը յամենան հայ կեանքի տարբեր փուլերուն:

Փետրուար 18:

Հայու ազատատենչ ու պոռթկացող ոգին խորհրդանշող թուական մըն է, որ 98 տարիէ կը յիշատակենք, կ՛արժեւորենք, անոր բացարձակ իմաստը կ՛ընդգծենք, հեռու զգացականութենէ եւ այլամերժի կեցուածքէ:

Այո՛, օրինակելի սխրանք մըն է, որուն վեհութիւնը` նորահաս սերունդներու սեփականութիւնը դարձնելու եւ անոնց մէջ ազատատենչութեան ոգին վառ պահելու ազնիւ մտադրութեամբ է, որ կը շարունակենք գրել ու վերագնահատել արարքը:

Սեւով սպիտակ էջերու վրայ գրուած պատկառելի գրականութիւն մը մեզի փոխանցուած է, որ կը վերաբերի Փետրուարեան ապստամբութեան: Իրերայաջորդ սերունդներ միշտ ալ երկիւղածութեամբ յիշած են պատմաքաղաքական եզակի այս թուականը, իբրեւ ներազգային կեանքի կենարար արժէք եւ պոլշեւիկ թշնամիին դէմ զէնք բարձրացուցած նախնխեաց հրաշալի կեցուածք:

Հայոց պատմութեան բարդ ու ճակատագրական մէկ փուլին զուգադիպող Փետրուարեան ապստամբութիւնը կարելի չէ առանձնացնել` ըսելով,  որ անիկա պատահական ու անցողակի երեւոյթ մըն է եղած հայ կեանքին մէջ, այլ անով կը յստականան ու կը բիւրեղանան այնպիսի արժէքներ, որոնք կը վերաբերին ամբողջ հայութեան, հաւաքական ճակատագիրին, առանձնայատկութեան, կենցաղակերպին ու պահուածքին:

18 փետրուար 1921:

Արդի հայոց պատմութեան օղակներէն մէկն է այս թուականը, որ մեզի կը ներկայանայ իբրեւ անժամանցելի կարեւորութիւն ունեցող դիպաշար, որ ունի ներքին տրամաբանութիւն եւ ազգային գաղափարախօսական պատուանդան:

Արդարեւ, ինչպէ՞ս ընկալել ու հասկնալ այս սխրանքը, առանց շեշտադրելու   մայիսեան պայծառ հերոսամարտերը ու անոնց արգասիք հայոց պետականութեան ստեղծումը, ազգային արժանապատուութեան վառ զգացողութիւնը, ազատ ապրելու եւ հպարտօրէն արարելու ինքնավստահութիւնը, Եռագոյնին, քայլերգին, բանակին, լեզուին ու մշակոյթին տիրութիւն ընելու յանձնառութիւնը եւ մասամբ նորին:

Պահ մը երեւակայել` ի՞նչ վիճակ պիտի պարզէր հայութիւնը անկախութեան կորուստէն, պոլշեւիկ-համայնավար բռնատիրական վարչակարգի հաստատումէն եւ թուրք հորդաներու յարձակումներէն ետք, եթէ երբեք հայ գիւղացիութիւնը ի տես պարտադրուած դժոխային կացութեան` զէնքի չդիմէր եւ ըմբոստութեան դրօշը չպարզէր:

Փաստօրէն, Դրօ-Լըքրան համաձայնութիւնը (դեկտեմբեր 2), որ խորքին մէջ փոխադարձ ընկալումի, այսպէս ըսած, վաւերագիր մըն էր, Հայաստանը խաղաղօրէն ու առանց ցնցումի յանձնելու համայնավար վարչակարգին, որ, այլապէս ալ ատով պիտի երաշխաւորուէր երկրին անվտանգութիւնը, ամբողջականութիւնը, հայութեան ազատութիւնն ու բարօրութիւնը եւ այլն, արդէն հազիւ ոտք դրած պոլշեւիկութիւնը, իրեն աջակից ունենալով հայանուն արիւնարբուներ կը լծուէր մաքրազտումի, հալածանքի, վայրագութեան, թալանի ու կողոպուտի:

Հայ ժողովուրդի ճնշիչ մեծամասնութիւնը` գիւղացիութիւնը, որ ուղղակիօրէն կը հալածուէր ու անխնայ կը կողոպտուէր, վայրկեանի մը համար, անսալով ներքին կանչին ու զգաստութեան հրաւէրին, արդէն կը նետուէր պայքարի դաշտ, որովհետեւ դանակը հասած էր կոկորդին: Հալածանքի, թալանի ու կացինի վարքագիծը մղեց, որ հայութիւնը դիմէ զէնքի ու միասնակամութեամբ դիմակայէ, այս անգամ բարբարոս պոլշեւիկ հորդաներ:

Փաստօրէն, հեղձուցիչ նման կացութեան մէջ հայութիւնը իր բոլոր շերտերով` կուսակցութիւններ, միութիւններ ու կաթողիկոս միասնաբար կը պարզէին ազգային դրօշը, եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն` Ապարանի, Աշտարակի, Ղամարլուի, Դալարագեազի եւ այլ շրջաններէն մարտական խումբերը կը շարժէին դէպի Երեւան, ազատագրելու համար մայրաքաղաքը եւ եռագոյնը կոթողելու պետական բոլոր հաստատութիւններու կատարին:

Աննման հայդուկ եւ ռազմավար Կուռօ Թարխանեան կը ստանձնէր շարժումին ղեկավարութիւնը, իրեն թիկունք ունենալով հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն, որ օրին ծնունդ առած է` տէր կանգնելու հայութեան արդար պահանջներուն եւ առաջնորդելու ազգային ապստամբութիւնը:

Կարօ Սասունի, Սիմոն Վրացեան ու բազում նուիրեալ դաշնակցականներ ողնաշարը կը դառնան ժողովրդային ապստամբութեան եւ կը ստանձնեն իրենց սրբազան պատասխանատուութիւնը` տէր ըլլայու յեղափոխական շարժումին:

Մայիսեան խոյանքը կերտած ֆետայիներ ու բանակի սպաներ, շնորհիւ իրենց կամքին ու քաջութեան, կը յաջողին հասնիլ Երեւան, իրենց կարգին մաքրագործելէ ետք գիւղեր ու քաղաքներ թալանիչներէ եւ մարդասպաններէ:

Հայոց դիւցազուններ կը յաջողին փրկել բանտերու մէջ իրենց մահուան օրհասը ապրող ազգային ու պետական հարիւրաւոր գործիչներ, որոնք յանձնուած էին իրենց ճակատագիրին: Նախքան ապստամբութեան ալիքի հզօրացումը, Երեւանի բանտերու մէջ կացինահար կը սպաննուէին հայ ժողովուրդի համար իրենց կեանքը նուիրած աննման ֆետայիներ եւ հայդուկապետեր, որոնց շարքին անկրկնելի հերոս Համազասպ, որ դարանակալ կ՛իյնար թրքածին-պոլշեւիկներու ձեռամբ:

Հայութիւնը, շնորհիւ իր ազատատենչ հոգիին ու մարտունակ նկարագիրին, կը յաջողի ծունկի բերել վայրագ թշնամին եւ 42 օր շարունակ ազատութեան ու անկախութեան բուրմունքը տարածել երկրի տարածքին:

Համայնավար Կասեաններ ու Նուրիջանեաններ կ՛անդրադառնային ու լաւ դաս մը կը սորվէին ստեղծուած կացութենէն, եւ աւելի զուսպ կ՛ըլլային հետագայ իրենց քայլերուն մէջ:

Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեամբ հայութիւնը յաջողեցաւ վերանուաճել ազատութեան գագաթը, գերազանցել ինքզինք եւ ոսկեայ տառերով արձանագրել իր գործած հրաշքին վեհութիւնը:

Ճիշդ է, որ օրին փետրուարեան մարտերը յեղաշրջեցին միտքեր ու վարքագիծեր, այդուամենայնիւ, մեր օրերուն, հայ քաղաքական միտքն ու պետական մակարդակի վարքագիծը կը շարունակեն ուրանալ հայութեան պանծալի էջերէն մէկը պարզապէս յագուրդ տալով հնաբոյր եւ ապազգային մտայնութեան:

Մեր կարգին, իբրեւ նախնեաց ժառանգորդներ, պարտաւոր ենք անցեալի նման դիպաշարեր ու ազգային-քաղաքական իրադարձութիւններ լոյսին բերել ու նորահաս սերունդին մատուցել` յանուն ազգային գաղափարախօսութեան ամրապնդման ու ինքնարժեւորման: