Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Հրաժարական Տուած է

Աշխարհ

Փետրուար 18-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը հրաժարական տուած է։ Այս մասին ան յայտնած է խորհրդարանի սրահներներէն մէկուն մէջ պատգամաւորներու հետ հանդիպման ժամանակ, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sozcu-ն։

Մինչ խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրուիլը, Եըլտըրըմը իր պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» (ԱՇԿ-MHP)  կուսակցութիւնը ներկայացնող պատգամաւոր Ճէլալ Ատանին։

Ըստ թրքական աղբիւրին՝ հրաժարականին պատճառը այն է, որ Եըլտըրըմը Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ՏԻՄ ընտրութիւններուն ծիրէն ներս՝ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութենէն պիտի առաջադրուի Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու։

Յիշեցնենք, որ Պինալի Եըլտըրըմը 2016-2018թթ. զբաղցուցած է Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնը։