Արցախի Նախագահը Մասնակցած է Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովին

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 19-ին, Գանձասարի Մատենադարանին մէջ ներկայ եղած է Արցախի գրողներու միութեան եւ Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի կողմէ կազմակերպուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը կարեւոր համարած է հայ ժողովուրդի մեծերու յիշատակի յաւէրժացումը՝ գոհունակութեամբ նշելով, որ նման ձեռնարկներու իրականացումը դարձած է գրական կեանքի անբաժան մաս: