«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշան՝ ՀՄԸՄ-ին

Uncategorized, Սփիւռք

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 10 Փետրուարին, կէսօրէն առաջ ժամը 11:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններու եզրափակիչ ձեռնարկը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի եւ սկաուտներու տպաւորիչ մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ական տարազաւորներ երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի 100 տարիներու անժխտելի դերակատարութիւնը եւ նուիրական առաքելութիւնը՝ շեշտելով, որ անիկա նորափթիթ սերունդներուն ու երիտասարդութեան համար եղաւ անսպառ աղբիւրը մարմնակրթութեան, նաեւ՝ ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբող իւրայատուկ դպրոց:

Ապա ցուցադրուեցաւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը, որուն նիւթը կը պատկանի Սեւան Նազարեանի եւ Վիգէն Աւագեանի, ընթերցումը կատարած էր Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, իսկ պատրաստութեան աշխատանքը տարած էր Նժդեհ Մկրտիչեան: Անկէ ետք Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը հանդէս եկաւ քանի մը նուագով՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ 100 տարի առաջ Պոլսոյ եւ անոր արուարձաններուն մէջ քանի մը մասնաճիւղով գործող այս միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք, իրենց այս միութիւնը համահայկական իր կառոյցով պիտի գործէր աշխարհի 110 քաղաքներուն մէջ, առաւել քան 25 հազար երկսեռ անդամներով, մարզական եւ սկաուտական առոյգ շարքերով: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չեղաւ, չգործեց սովորական պայմաններու մէջ, այլ ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, իր առաջին քայլերը նետեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն առկայ բազում դժուարութիւններուն մէջ, ապա հեռացուեցաւ իր հարազատ բնօրրանէն, գործեց Սփիւռքի մէջ՝ սփիւռքեան իր կեդրոնները վերածելով հայրենի հողի մէկական կտորի, առանց յարմար պայմաններ ունենալու, սակայն միշտ գործեց կամաւոր բանակի սկզբունքով եւ ի շահ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին:

Ապա խումբ մը սկաուտներ ներկայացուցին քանի մը երգեր։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հօր պատգամով, որուն մէջ ան հաստատեց ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ իր սէրն ու գնահատանքը: «ՀՄԸՄ-ի մասին զանազան առիթներով իմ հայրական ջերմ սէրս եւ գնահատանքս արտայայտած եմ: Դարձեալ ՀՄԸՄ-ի մասին իմ խոր գնահատանքս արտայայտեցի 100-ամեակին առիթով: Սա պահուն, ՀՄԸՄ-ի 100ամեակի եզրափակիչ հանդիսութեան առիթով, Սփիւռքի հայութեան մայրաքաղաք Պուրճ Համուտէն, իմ խօսքս կ՛ուղղեմ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ կարգ մը յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարելով»:

Արամ Ա. կաթողիկոս, անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան՝ շեշտեց. «ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի վերակազմակերպման մասին: Սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպման մէջ ՀՄԸՄ-ը ունեցաւ իր առանցքային դերը: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ հայ եկեղեցւոյ մասին, որովհետեւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը դարձած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման մէջ ՀՄԸՄ-ը բերաւ իր կարեւոր ներդրումը: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ հայ դպրոցին մասին, որուն հայակերտման առաքելութեան մասնակից դարձաւ ՀՄԸՄ-ը՝ ինք եւս դառնալով մարդակերտումի ու հայակերտումի նորահիմն դպրոց: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ ազգային պահանջատիրութեան մասին. մեր պահանջատիրական պայքարին ՀՄԸՄ-ը բերաւ իր գործուն, աշխուժ մասնակցութիւնը ի սփիւռս աշխարհի: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ Հայաստանի մասին, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը Հայաստանէն դուրս Հայաստանը ապրեցաւ ու Հայաստանը, մեր երազած ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանը ապրեցաւ ու ապրեցուց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրը նաեւ խօսեցաւ միութեան նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտեցումին մասին, որ երբեք պարագայական կամ շահադիտական չեղաւ, այլ եղաւ սիրով լի, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի մէջ անիկա տեսաւ այս բոլորէն վեր ու վեհ մեր ժողովուրդի գերագոյն արժէքներուն նկատմամբ ամուր հաւատարմութիւն, անկեղծ կապուածութիւն, ամբողջական ու գիտակից յանձնառութիւն:

Ան յարգանքով արտայայտուեցաւ այն բոլոր անձերուն մասին, այս աշխարհէն հեռացած եւ ապրող, որոնք ՀՄԸՄ-ի նուիրական ծառայական գանձանակին մէջ իրենց միտքէն, հոգիէն, ժամանակէն անջնջելի բան մը դրին, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ մնայ նուիրական կազմակերպութիւն՝ իր սրբազան առաքելութեամբ:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ յառաջիկայ փուլին միութենէն եղած ակնկալիքները. «100 տարիները պատմութեան կը պատկանին, եւ ՀՄԸՄ-ի առջեւ կը բացուի նուիրումի, ծառայութեան, յանձնառութեան եւ հաւաքական պայքարի նոր շրջան մը, երբ այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, այսօր ունինք ազատ, անկախ Արցախ: Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը պէտք է ՀՄԸՄ-ի կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ մնան առաջնահերթ, միաժամանակ Սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպումը, Սփիւռքի հայութեան վերակենսաւորումը դարձեալ պէտք է ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան օրակարգին վրայ մնան՝ իբրեւ առաջնահերթ մտահոգութիւն:

Ապա վեհափառ հայրապետը ՀՄԸՄ-ը պարգեւատրեց հայ դպրոցի առաջին եւ մնայուն ուսուցիչ դարձած Մեսրոպ Մաշտոցի անունով մկրտուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, զոր յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին՝ հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ նաեւ հայ դպրոց, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ պայմաններու բերումով, ուր որ դպրոց չունեցանք, ՀՄԸՄ-ը դարձաւ դպրոց՝ տանելով մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի առաքելութիւն, նաեւ յուսալով, որ ՀՄԸՄ-ը վերանորոգ հաւատքով եւ նուիրումով շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը: