Հայկական Վարժարաններուն Դէմ Խափանարարութիւնները Դատապարտող Միջկրօնական Հսկումի Արարողութիւն

Սփիւռք

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, որ Երեքշաբթի, 29 Յունուարին, Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայկական երկու դպրոցներ՝ Ազգային Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան երկրորդական վարժարանները թիրախ դարձան թրքաբարոյ խափանարարութեան, որ  միաձայնութեամբ դատապարտումի ենթարկուեցաւ՝ իբրեւ անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան արտայայտութիւն. արդարեւ, անծանօթ դիմակաւորներ գիշերով թրքական դրօշակներ կախած էին յիշեալ վարժարաններու ցանկապատներուն։ Նոյն օրերուն, շրջանի հրէական աղօթավայր մըն ալ ատելութեան նմանօրինակ դրսեւորումի մը առարկայ եղած էր։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Երեքշաբթի երեկոյեան, Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ պետական ու ոստիկանութեան պատասխանատուներու եւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներու։ Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղան առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն Րաֆֆի Գույումճեան, Խնամակալ մարմինի անդամներ, վարժարաններու տնօրէնուհիներ եւ ուսումնական մարմիններու անդամներ եւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։

Ուրբաթ, 1 Փետրուարին, վերոյիշեալ վարժարաններուն աշակերտութիւնը Ֆերահեան վարժարան հաւաքուեցաւ, կազմակերպելով քայլարշաւ մը, որ կը խորհրդանշէր միասնականութիւն եւ հաւաքական ընդդիմութիւն։

0000Vigil 1

Այս դէպքերուն լոյսին տակ, Հինգշաբթի, 7 Փետրուարի երեկոյեան, Էնսինոյի «Our Lady of Grace» կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական եւ միջհամայնքային հսկումի արարողութիւն մը։ Յանուն առաջնորդին, արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի ու Թուխման սրկ. Խաչատուրեանի։ Հսկումին նպատակն էր դատապարտել անհանդուրժողութիւն սփռող եւ ատելութիւն սերմանող հակակրօնական արարքները եւ միասնական ճիգերով դէմ դնել հատուածականութեան եւ համայնքներուն սպառնացող վտանգներուն։ Ռազմիկ Ա. քահանան փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր ողջոյնները։ Խօսք առաւ նաեւ Րաֆֆի սարկաւագ։

Նշենք նաեւ, որ Երկուշաբթի, 4 Փետրուարին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ հաւաք մը տեղի ունեցաւ, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորեցի։ Հաւաքին մասնակցեցան ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ, պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, Ռազմիկ Ա. քահանան եւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարաններու տնօրէնուհիներ եւ ուսումնական մարմիններու անդամներ ինչպէս նաեւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Հաւաքին ընթացքին, զեկուցում տրուեցաւ ծանօթ դէպքերուն շուրջ բացուած քննութեանց արդիւնքին մասին եւ հաղորդուեցաւ, որ հետապնդումները կը շարունակուին։

0000Briefing1