Մահացած է Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը՝ Ռուբէնի Հարսը

Սփիւռք

Փարիզի մէջ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 86 տարեկանին մահացած է պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը։ Վերջինս նշանաւոր գիտնական էր, Սորպոնի համալսարանի եւ Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս։ Կ՛ուսումնասիրէր Հայաստանի, հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը: Քանի մը գիրքի, որոնցմէ նաեւ՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած ուսումնասիրություններու հեղինակ է։

Անահիտ Տէր Մինասեան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ։ Ան հայկական ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն մէկուն` Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Գեղամ Տէր Կարապետեանի թոռնուհին էր, նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ազատագրական պայքարի երեւելի գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հարսը։