Երեւանը Պէտք Է Քաղաքական Կամք Դրսեւորէ Ի Շահ Խաղաղութեան Հաստատման. Մամետեարով

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «Քորէա Թայմզ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան եւ պնդեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են «բարձր մակարդակով ինքնավարութեան իրաւունք» շնորհելու Արցախի բնակչութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

«Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները պէտք է դրսեւորեն քաղաքական կամք եւ գործեն ի շահ խաղաղութեան հաստատման, կայունութեան ու տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացման»,- աւելցուց Մամետեարով:

Ան նշեց, որ Պաքու յոյս ունի, որ այս տարի յստակ յառաջխաղացք տեղի կ՛ունենայ եւ հայկական զօրքերը (այսպէս կոչուած) «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն» կը հեռանան:

Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ 16-18 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ ապահովական հարցերով հերթական համաժողով մը, որուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան կրնայ հանդիպիլ իր պաշտօնակիցին հետ: