ՀՄԸՄ-ը Մեր Երազած Ազատ, Անկախ Ու Ամբողջական Հայաստանը Ապրեցաւ Ու Ապրեցուց Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սփիւռք

Դար մը գոյատեւում` հակառակ տարբեր տեսակի փոթորիկներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Դար մը պայքար` յանուն իրերայաջորդ սերունդներուն հայկական միջավայրի ձեւաւորման եւ անոնց հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման:

Դար մը հպարտութիւն` տասնեակ հազարաւոր սկաուտներ, մարզիկներ, միութենականներ իր հովանիին տակ ունենալու եւ անոնց հարազատն ու ազգայինը փոխանցելու:

Դար մը անսակարկ նուիրում` վեհ առաքելութեան իրականացման ի խնդիր:

ՀՄԸՄ-ի 100 հարուստ եւ ազգակերտ տարիներու պաշտօնական նշումներ կատարուեցան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, սակայն իւրայատուկ տարողութիւն եւ կշիռ ունէր եզրափակիչը:

Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 10 Փետրուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ արժանավայել շուքով եւ պաշտօնականութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններու եզրափակիչ ձեռնարկը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի եւ սկաուտներու տպաւորիչ մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ական տարազաւորներ երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի 100 տարիներու անժխտելի դերակատարութիւնն ու նուիրական առաքելութիւնը` շեշտելով, որ անիկա նորափթիթ սերունդներուն ու երիտասարդութեան համար եղաւ անսպառ աղբիւրը մարմնակրթութեան, նաեւ` ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբող իւրայատուկ դպրոց: Ան աւելցուց, որ, հակառակ 100-ամեայ տարիքին, ՀՄԸՄ յարատեւօրէն ծլարձակուող նորանոր մասնաճիւղերով կը շարունակէ մնալ երիտասարդ եւ անթառամ, կը շարունակէ իր շարքերուն մէջ ընդունիլ նորանոր սերունդներ` զանոնք դաստիարակելով եւ սորվեցնելով, որ ջահը պէտք է մնայ լուսաւոր ու բոցավառ եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Հայկ Թապաքեան նաեւ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակներով ուրախացաւ ու հպարտացաւ ժողովուրդ մը ամբողջ, հայկական թաղեր ցնծացին եւ խանդավառութիւն ապրեցան:

«Այսօր, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայութեան դիմագրաւած ճերմակ ջարդի եւ այլ տեսակի նորօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, ՀՄԸՄ պիտի շարունակէ մնալ իսկական վահան: Մարզական աշխարհին մէջ, երբ սկսած են տիրել նիւթականն ու արհեստավարժութիւնը, երբ կազմակերպական աշխատանքները կը պահանջեն յաւելեալ զոհողութիւններ, հաստատօրէն կը յայտարարենք, որ նորօրեայ ջահակիրներ եւ նուիրեալներու նոր փաղանգներ պիտի գան ՀՄԸՄ-ի երթը շարունակելու, որքան ալ դժուար ըլլան աշխատելու միջոցներն ու կարելիութիւնները»,  հաստատեց Հ. Թապաքեան` դիտել տալով, որ ՀՄԸՄ-ը արժանի է անսակարկ եւ անհաշիւ նուիրումի, որովհետեւ անոր երդիքին տակ անաղարտ կը մնան մեր ազգային դիմագիծը, միութենական ոգին եւ հաւաքական կամքը:

Ապա ցուցադրուեցաւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տպաւորիչ եւ բովանդակալից տեսերիզ մը, որուն նիւթը կը պատկանի Սեւան Նազարեանին եւ Վիգէն Աւագեանին, ընթերցումը կատարած էր Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, իսկ պատրաստութեան աշխատանքը տարած էր Նժդեհ Մկրտիչեան: Անկէ ետք Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը հանդէս եկաւ քանի մը նուագով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ 100 տարի առաջ Պոլսոյ եւ անոր արուարձաններուն մէջ քանի մը մասնաճիւղով գործող այս միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք, իրենց այս միութիւնը համահայկական իր կառոյցով պիտի գործէր աշխարհի 110 քաղաքներուն մէջ, աւելի քան 25 հազար երկսեռ անդամներով, մարզական եւ սկաուտական առոյգ շարքերով: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չեղաւ, չգործեց սովորական պայմաններու մէջ, այլ ծնունդ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, իր առաջին քայլերը նետեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն առկայ բազում դժուարութիւններուն մէջ,  ապա հեռացուեցաւ իր հարազատ բնօրրանէն, գործեց սփիւռքի մէջ` սփիւռքեան իր կեդրոնները վերածելով հայրենի հողի մէկական կտորի, առանց յարմար պայմաններ ունենալու, սակայն միշտ գործեց կամաւոր բանակի սկզբունքով եւ ի շահ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին: «ՀՄԸՄ գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ` բացառաբար ապաւինելով իր անդամներուն կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին», աւելցուց ան եւ անդրադարձաւ միութեան Հայաստան վերադարձին. «Դժուարութիւնները, սակայն, փորձառութիւն ներշնչեցին ՀՄԸՄ-ին, փորձառութիւնը` տոկունութիւն եւ յաւելեալ իմաստութիւն: Այսպէս, ՀՄԸՄ ունեցաւ Ղարաբաղեան պատերազմի իր նահատակները, մասնակից դարձաւ նոր Հայաստանի կերտման ճիգերուն: Կրթեց ու դաստիարակեց սերունդներ` անոնցմէ պատրաստելով օրինապահ քաղաքացիներ եւ հայրենիքի զինուորեալներ:  ՀՄԸՄ գործեց անաղմուկ: Գործեց խոր հաւատքով եւ աննկուն կամքով` իրեն գերագոյն արժէք ունենալով պետականութիւնը, գերիշխանութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը»:

Գառնիկ Մկրտիչեան այս առիթը յարմար նկատեց յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց այն բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք գործեցին, դրոշմ ձգեցին, նուիրուեցան, յաղթանակներ կերտեցին: Ան պատահական չնկատեց, որ ՀՄԸՄ-ի հանդիսութիւնները եզրափակուին Լիբանանի մէջ եւ եզրափակիչ պատգամը ուղղէ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ սիրեց այս միութիւնը, լաւապէս ճանչցաւ զայն, միշտ նախանձախնդիր եղաւ անոր դերակատարութեան եւ առաքելութեան անշեղ կերպով շարունակման: Ապա ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի դերակատարութեան մասին` նշելով, որ այս շրջանին կատարած մարդակերտումի եւ հայակերտումի աշխատանքը անգնահատելի է, եւ որ Լիբանանի շրջանի 10 մասնաճիւղերը, իրենց արձանագրած մարզական փայլուն յաջողութիւններով եւ սկաուտական օրինակելի գործունէութեամբ, ազգային ոգի եւ նկարագիր տուած են հազարաւոր տղոց եւ աղջիկներու: «Լիբանանի շրջանի յաջողութիւնները ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն պարգեւած են ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան, որոնք մինչեւ այսօր անհամբեր կը հետեւին այս շրջանի միութենական նուաճումներուն: Տակաւի՛ն, առանց մոռնալու այն փաստը, որ այս շրջանէն սփիւռքեան այլ շրջաններ եւ Հայաստան մեկնած ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրներն են, որոնք այսօր կենսունակ կը պահեն միութեան աշխարհասփիւռ բազմաթիւ մասնաճիւղերը», յայտնեց ան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գառնիկ Մկրտիչեան խօսեցաւ յառաջիկայ դարու մասին` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը լաւատեսութեամբ կ՛ուղղուի դէպի ապագայ` գիտակցելով, որ պէտք է միշտ ըլլալ զգօն ու պատրաստ` դիմագրաւելու հայութեան սպառնացող ամէն տեսակի մարտահրաւէր: «Ի վերջոյ, մեր կեանքը, սփիւռք թէ հայրենիք, հայապահպանման համար մղուող մեծ պատերազմ մըն է: ՀՄԸՄ կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը, փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկիրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, եթէ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանման զրահները գետինը չդնելն է», հաստատեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:

Ապա խումբ մը սկաուտներ ներկայացուցին քանի մը երգ` երգով ու նուագով, եւ արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հօր պատգամով, որուն մէջ ան հաստատեց ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ իր սէրն ու գնահատանքը: «ՀՄԸՄ-ի մասին զանազան առիթներով իմ հայրական ջերմ սէրս եւ գնահատանքս արտայայտած եմ: Դարձեալ ՀՄԸՄ-ի մասին իմ խոր գնահատանքս արտայայտեցի 100-ամեակին առիթով: Սա պահուն, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութեան առիթով, սփիւռքի հայութեան մայրաքաղաք` Պուրճ Համուտէն, իմ խօսքս կ՛ուղղեմ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի` կարգ մը յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարելով»:

Արամ Ա. կաթողիկոս, անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան,  շեշտեց. «ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի վերակազմակերպման մասին: Սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպման մէջ ՀՄԸՄ-ը ունեցաւ իր առանցքային դերը: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ հայ եկեղեցւոյ մասին, որովհետեւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը դարձած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման մէջ ՀՄԸՄ բերաւ իր կարեւոր ներդրումը: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ հայ դպրոցին մասին, որուն հայակերտման առաքելութեան մասնակից դարձաւ ՀՄԸՄ-ը` ինք եւս դառնալով մարդակերտումի ու հայակերտումի նորահիմն դպրոց: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ ազգային պահանջատիրութեան մասին. մեր պահանջատիրական պայքարին ՀՄԸՄ-ը բերաւ իր գործուն, աշխուժ մասնակցութիւնը ի սփիւռս աշխարհի: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ Հայաստանի մասին, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը Հայաստանէն դուրս Հայաստանը ապրեցաւ ու Հայաստանը, մեր երազած ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանը ապրեցաւ ու ապրեցուց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: ՀՄԸՄ-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ վերջին 100 տարիներու հայոց պատմութեան մասին. ՀՄԸՄ-ը մեր ժողովուրդի կեանքի լուսանցքին վրայ չեղաւ երբե՛ք, այլ իր իւրայատուկ դերակատարութեամբ ներկայութիւն դարձաւ մեր կեանքի մայր էջին վրայ` ազգակերտումի իր առաքելութեամբ:

«Այս բոլորը եղաւ, այս բոլորը կատարեց ՀՄԸՄ-ը: Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ը ինծի համար քանակ չէ, մասնաճիւղ չէ, որակ է իր հարազատ էութեամբ, եւ ՀՄԸՄ-ի որակը իր ոգին է, իր նուիրումն է, իր յանձնառութիւնն է, իր յարատեւ պայքարը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն եւ իտէալներուն»:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրը նաեւ խօսեցաւ միութեան նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտեցումին մասին, որ երբեք պարագայական կամ շահադիտական չեղաւ, այլ եղաւ սիրով լի, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի մէջ ան տեսաւ այս բոլորէն վեր ու վեհ մեր ժողովուրդի գերագոյն արժէքներուն նկատմամբ ամուր հաւատարմութիւն, անկեղծ կապուածութիւն, ամբողջական ու գիտակից յանձնառութիւն:

Ան յարգանքով արտայայտուեցաւ  այն բոլոր անձերուն մասին, այս աշխարհէն հեռացած եւ ապրող, որոնք ՀՄԸՄ-ի նուիրական ծառայական գանձանակին մէջ իրենց մտքէն, հոգիէն, ժամանակէն անջնջելի բան մը դրին, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ մնայ նուիրական կազմակերպութիւն` իր սրբազան առաքելութեամբ:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ յառաջիկայ փուլին միութենէն եղած ակնկալիքները. «100 տարիները պատմութեան կը պատկանին, եւ ՀՄԸՄ-ի առջեւ կը բացուի նուիրումի, ծառայութեան, յանձնառութեան եւ հաւաքական պայքարի նոր շրջան մը, երբ այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, այսօր ունինք ազատ, անկախ Արցախ: Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը պէտք է ՀՄԸՄ-ի կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ մնան առաջնահերթ, միաժամանակ սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպումը, սփիւռքի հայութեան վերակենսաւորումը դարձեալ պէտք է ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան օրակարգին վրայ մնան` իբրեւ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Լիբանանի հայութիւնը սփիւռքի հայութեան սիրտը հանդիսացաւ, իր դերակատարութեամբ առանցքը հանդիսացաւ, իր բոլոր կառոյցներով, եւ ես կ’ուզեմ, որ սփիւռքի հայութեան վերականգնումը սկսի Լիբանանի հայութեան վերականգնումով: Այս ծիրին մէջ եւս ՀՄԸՄ-ի դերը ես կը նկատեմ կենսական:

«ՀՄԸՄ-ը իր առջեւ ունի ծառայութեան նոր դաշտեր, պէտք է բացուի կեանքի ու ծառայութեան նոր հորիզոններու: Հետեւաբար, ես կ’ուզեմ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին բառերը եւ նշանաբանը ուղենիշը դառնան ՀՄԸՄ-ին, ուր կ’ըսուի.

«Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ,
«Յառաջ անսասան,
«Յառա՜ջ անդեդեւ
«Դէպի յաղթանակ:

«Մեր ժողովուրդին երթը Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ուրիշ նպատակ չի կրնար ունենալ, եթէ ոչ դէպի յաղթանակ:

«Եկէ՛ք, հետեւաբար, սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ ի սփիւռս աշխարհի, այս գիտակցութեամբ մասնակի՛ց դարձէք մեր ժողովուրդի հաւաքական երթին` ի խնդիր մեր ժողովուրդի յաղթական ու պայծառ ապագային», եզրափակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ:

Ապա վեհափառ հայրապետը ՀՄԸՄ-ը պարգեւատրեց հայ դպրոցի առաջին եւ մնայուն ուսուցիչ դարձած Մեսրոպ Մաշտոցի անունով մկրտուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, զոր յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ նաեւ հայ դպրոց, որովհետեւ սփիւռքի մէջ պայմաններու բերումով ուր որ դպրոց չունեցանք, ՀՄԸՄ-ը դարձաւ դպրոց` տանելով մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի առաքելութիւն, նաեւ յուսալով, որ ՀՄԸՄ-ը վերանորոգ հաւատքով եւ նուիրումով շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը:

 

«Ազդակ»