«The National» Անդրադարձած ԱՄԷ-ի Հայ Համայնքին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած պատմական այցի ծիրէն ներս Ապու Տապիի «The National» լրատուական թերթը անդրադարձած է կրօնական բազմազանութեան, ԱՄԷ-ի մէջ բնակող տարբեր դաւանանքի ազգերուն: Թերթը կ՛անդրադառնայ 10-է աւելի ազգերու, որոնց շարքին նաեւ հայերու, որոնք եկած են ԱՄԷ աշխատելու։ Կը նշուի կրօնական բազմազանութիւնը եւ իւրաքանչիւր հաւատքի պատկանող ծիսակարգերը:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` անդրադառնալով հայ համայնքին` պարբերականը կը նշէ, որ հայերը ԱՄԷ եկած են տասնամեակներ առաջ: 1950-ականներուն, երբ ԱՄԷ-ի մէջ առաջին քարիւղային ճամբարները կը ձեւաւորուէին, եկան բազմաթիւ հայեր, որոնք մասնագիտացած էին տարբեր մարզերու մէջ․ ճարտարապետներ, մեքենագէտներ, առեւտրականներ: Աշխատանքով անոնք իրենց աջակցութիւնը կը յայտնէին ուժանիւթի արդիւնաբերութեան ծաղկող ոլորտին:

«1970-ական թուականներուն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի եւ Իրանի յեղափոխութեան հետեւանքով բազմաթիւ հայեր ստիպուած էին ձգել այդ երկիրները եւ տեղափոխուիլ ԱՄԷ: Առաջին պատարագը տեղի ունեցած է 1977-ին, առաջին եկեղեցին կառուցուած է Շարժայի մէջ 1996-ին եւ հայկական համայնքը պաշտօնապէս ճանչցուած է: Այսօր ԱՄԷ-ի մէջ բնակող հայերուն թիւը կը հասնի հազարներու»,-գրած է «The National»: