ՀՀ Կառավարութեան Կառուցուածքին Մէջ Մշակոյթի Նախարարութեան Անհրաժետութիւնը Պարտադիր է

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ՀՀ մշակոյթի ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները միաւորելու վերաբերեալ զանգուածային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ որոշ պաշտօնական շրջանակներու մօտ տարածուող տեղեկութիւններուն վերաբերեալ։ Շրջանցելով հանրային քննարկումները, չներկայացնելով փորձագիտական համակողմանի եզրակացութիւն` նախարարութիւններուն միաւորումը կը հիմնաւորուի կրճատման անհրաժեշտութեամբ։

Մշակոյթի (նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան) ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու միաւորումը կը վկայէ մշակոյթի քաղաքական ընկալման եւ անոր դերակատարութեան թերագնահատման մասին։

Հազարամեակներ շարունակ հայ մշակոյթը՝  հայոց լեզուի եւ հայ եկեղեցւոյ հետ, եղած է մեր ինքնութեան հիմնական յենասիւնը, ձեւաւորած ազգային արժեհամակարգ եւ այն ամէնը, ինչով աշխարհը ճանչցած է մեզի։ Մշակոյթին մեծ դեր վերապահուած է նաեւ Հայաստանի քաղաքական ներկային եւ հեռանկարին վրայ։ Անիկա համակարգաստեղծ բնոյթ ունի, մրցունակ երկրի նախապայման է, կը ձեւաւորէ պետականութիւն գիտակցող քաղաքացի եւ հասարակութիւն, կը լուծէ հասարակական խնդիրներ։

Մշակոյթին բացառիկ դերակատարութիւն վերապահուած է ազգային անվտանգութեան եւ երկրի հասարակական-քաղաքական փոփոխութիւններու ներկայ ծիրին մէջ։

Ի թիւս վերոնշեալ նպատակներուն եւ խնդիրներուն, ՀՀ կառավարութեան կառուցուածքին մէջ մշակոյթի նախարարութեան` իբրեւ առանձին պետական լիազօր մարմինի եւ հիմնարկի անհրաժեշտութիւնը պարտադիր է՝ իրագործելու մշակոյթի ոլորտէն ներս ՀՀ Սահմանադրութեամբ պետութեան ստանձնած պարտականութիւնները, բարեփոխելու գործող համակարգը, ապահովելու ոլորտի գործունէութեան օրէնսդրական երաշխիքները, գործադրելու զարգացման ծրագիրներ, իրականացնելու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ զարգացման, գեղարուեստական կրթութեան մատչելիութեան ծրագիրներ, միջազգային մշակութային երկխօսութիւններու մէջ ապահովելու Հայաստանի ներկայութիւնը, հանրահռչակելու հայկական մշակոյթը եւ այլն։

Կը յորդորենք ՀՀ կառավարութիւնը` վերանայելու կառավարութեան կառուցուածքի մասին շրջանառուող պատկերացումները։

Համաշխարհային քաղաքակրթական ժառանգութեան մէջ անուրանալի ներդրում, հազարամեակներու մշակութային ժառանգութիւն ունեցող հայերուս համար մշակոյթի լուսանցքումը յղի է անդառնալի հետեւանքներով։

 

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնախումբ

08.02.2019թ.