12 Նախարարութիւններուն Անուանումները Յայտնի են

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան կառուցուածքին վերաբերեալ քննարկումները աւարտած են. յայտնի են 12 նախարարութիւններուն անուանումները:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նոր կառավարութիւնը պիտի ունենայ հետեւեալ նախարարութիւնները.

Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն

Արդարադատութեան նախարարութիւն

Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութիւն

Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւն

Բնապահպանութեան նախարարութիւն

Առողջապահութեան նախարարութիւն

Ելեւմտական նախարարութիւն

Տնտեսութեան նախարարութիւն

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն

Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւն:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փետրուար 8-ին յայտարարած էր, որ Սփիւռքի նախարարութեան փոխարէն այսուհետեւ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօն՝ վարչապետի աշխատակազմէն ներս: Յանձնակատարը պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ վարչապետի անունով պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքները Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Կառավարութեան նոր կառուցուածքին մասին նախագիծը յառաջիկային պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով: