Մարտունիի Մէջ Մարզադաշտ Կը Կառուցուի

Հայաստան

Մարտունի քաղաքին մէջ կ՛ընթանան մարզադաշտի վերակառուցման աշխատանքները

Այս մասին կը տեղեկացնէ Մարտունիի շրջանային «Ամարաս» պաշտօնաթերթը` մանրամասնելով, որ հիմնանորոգուած մարզադաշտը պիտի ունենայ 1080 նստատեղ հանդիսատեսի համար:

Աղբիւրին հաղորդմամբ` մարզադաշտի հանդիսարանը եւ հանդերձարանի կառուցումը, դաշտի հողային աշխատանքները, ջրացանցի կառուցումը կը կատարուին Արցախի կառավարութեան միջոցներով, իսկ ջրացանցի խողովակները եւ գերժամանակակից ու թանկարժէք խոտածածկի տեղադրումը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուի «Հայկական գիւղերու զարգացման» հիմնադրամի միջոցներով` ի դէմս Վոլոդիա Աւագեանի:

 Մարզադաշտի վերակառուցման աշխատանքները կ՛ընթանան նախապէս փոփոխուած եւ հաստատուած նախագիծով, որ կ՛ենթադրէ ունենալ աւելի շքեղ եւ հանդիսաւոր տեսք ու գերժամանակակից խոտածածկ: