Արցախի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ Կը Հերքեն «Հող Յանձնելու» Քննարկումներու Մասին Սամուէլ Բաբայանի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայան «Ազատութիւն» ռադիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան 2017-ին Արցախի մէջ հանդիպած է երկրի վերնախաւին հետ եւ քննարկած տարածքային զիջումներու հարցը:

«Ղարաբաղցիներուն հարցուցէք` 2017-ին Հայաստանի այն ժամանակուան գործող նախագահը ձեզի հետ ինչի ՞ մասին բանակցած է, ի՞նչ զիջումներ պէտք է ընէիք, ինչպէ՞ս պէտք է ընէիք: Ղարաբաղի ղեկավարութեան այդ հարցերը ուղղեցէք, որ հիմա կը բլբլան, թող այն ժամանակ բլբլային»,- ըսած է Բաբայեան:

Բաբայեանի յայտարարութեան Ֆէյսպուքի մէջ արձագանգած է Արցախի Ազգային Ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան:

«Խորհրդարանի ղեկավարի պաշտօնին իմ գործունէութեան ընթացքին չէ եղած դէպք մը, երբ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ծիրէն ներս երբեւիցէ Արցախի իշխանութիւններուն հետ խօսին պարտադրանքի լեզուով:

«Հետեւաբար ինծի համար անհասկանալի են փաստերու բոլոր այն խեղաթիւրումները, որոնք այս օրերուն հանրային հարթակ կը նետուին 2020-ի Արցախի մէջ սպասուող ընտրութիւններէն առաջ:

«Իսկ գալով 2016-ի Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Արցախի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներու հանդիպման մասին, ապա որպէս ատոր մասնակից` կը ցանկայի նկատել տալ, որ  այդ հանդիպումէն ենք հետեւանքները ակնառու են. Ատկէ ետք ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ թէ՛ պաշտօնական Երեւանի, եւ թէ՛ Ստեփանակերտի դիրքորոշումները աւելի կոշտացած են:

«Բազմիցս նշած եմ եւ այսօր ալ կը շարունակեմ պնդել. տարածք` խաղաղութեան դիմաց, տարածք` կարգավիճակի դիմաց կամ տարածք` միջազգային երաշխիքներու դիմաց սկզբունքները անընդունելի են: Դաւադրութեան տեսութիւն զարգացնելու փոխարէն շահագրգիռ անձերու խորհուրդ կու տամ մտածել հայկական կողմերու դիրքերը ամրապնդելու մասին»,- գրած է Ղուլեան:

Իսկ Արցախի նախկին վարչապետ, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ անդրադառնալով Սամուէլ Բաբայանի յայտարարութեան, գրած է, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սարգսեան իր կառավարման տարիներուն բանակցային գործընթացի վերաբերեալ միշտ ալ բաց եղած է Արցախի իշխանութիւններուն հետ, եւ բոլոր հարցերը քննարկուած են փոխադարձ յարգանքի ու երկխօսութեան պայմաններու մէջ: Այդ մասին ան գրած է:

«Յաջորդը. յիշատակուած յայտնի հանդիպումը կամ աւելի ճիշդ հանդիպումները տեղի ունեցած են ոչ թէ 2017-ին, այլ 2016-ի Ապրիլ եւ Յուլիս ամիսներուն, երբ մենք եկած ենք ընդհանուր յայտարարի, որ բանակցային օրակարգին մէջ Արցախի ներկայ փաստացի կարգավիճակէն ոչ մէկ քայլ յետնահանջ չի կրնար ըլլալ, եւ պէտք է հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման մէջ Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը բացարձակ կերպով երաշխաւորուած ըլլայ:

«Հ.Գ. «Հող յանձնող» իշխանութիւնը Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցում չի նախաձեռներ, հայրենադարձութեան ծրագիր չ՛իրականացներ, ներդրումներու ու պետական միջոցներու հաշուին տարածքային համաչափ զարգացման քաղաքականութեամբ չի զբաղիր, ի վերջոյ` առաջնագիծն ու բանակը չ՛ամրացներ:

«Ուստի, կը յորդորեմ զերծ մնալ այսօրինակ շահարկումներէ: Ատոր փոխարէն իւրաքանչիւրս մեր ունեցած հնարաւորութիւններուն չափով յստակ քայլեր պէտք է ձեռնարկենք հայրենիքի երկարաժամկէտ պաշտպանութեան ու զարգացման ուղղութեամբ»,-ըսած է Յարութիւննեան: