Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեան (1957-2012). Հայ Եր­գի Դիւ­թա­կան՝ Ոգե­շո՛ւնչ «Դի­ցու­հի»ն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն․

Փետ­րո­ւար 5ի այս օ­րը կը նշենք ծնուն­դը հայ եր­գի ան­մո­ռա­նա­լի, անկրկ­նե­լիօ­րէն դիւ­թա­կան ու ո­գե­շունչ «դի­ցու­հի»ին՝ Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նի։

Հայ եր­գի ան­զու­գա­կան վար­պետ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր բա­ցա­ռիկ դիր­քը նո­ւա­ճած ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հին է Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեան, որ իր հո­գե­թով ձայ­նով, ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տի մշա­կու­մով ու կա­տա­րո­ղա­կան շնորհ­նե­րու կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մով՝ գե­րեց հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րը, թէ՛ իր եր­գով հմա­յո­ւած բազ­մու­թիւն­նե­րը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։

Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեան ի վե­րուստ օժ­տո­ւած էր ուղ­ղա­կի սրտե­րուն հաս­նող բա­ցա­ռիկ ձայ­նով ու եր­գե­լու տա­ղան­դով։ Ամ­բողջ ե­րե­սուն տա­րի, սիր­տէ բխող իր ա­ռինք­նող եր­գե­րով, Ֆ­լո­րա Մար­տի­րո­սեան ո­գե­ղէն սնունդ բաշ­խեց իր ձայ­նին ու ա­րուես­տին երկր­պա­գու­նե­րուն։ ­Բաշ­խեց՝ ի­րեն շնոր­հո­ւած աս­տո­ւա­ծա­յին պար­գե­ւը հայ եր­գի ծա­րաւ բո­լոր հո­գի­նե­րուն հասց­նե­լու պարտ­քի խո­րա­գոյն զգա­ցո­ղու­թեամբ, ինչ որ դիւ­թա­կան շունչ եւ թռիչք տո­ւաւ իր ձայ­նին ու եր­գա­րո­ւես­տին։

Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կեան­քին մղիչ ու­ժը հան­դի­սա­ցաւ պարտ­քի այդ զգա­ցո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներշն­չու­մով, իր վեր­ջին հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, պա­տաս­խա­նե­լով ի­րեն ուղ­ղո­ւած՝ «­Յայտ­նո­ւե­լով Աստ­ծոյ ա­ռաջ, ի՞նչ կը հարց­նէիք» հար­ցին, հայ եր­գի տա­րա­բախտ վար­պե­տը պա­տաս­խա­նած էր.-

«­Չէի հարց­նի, այլ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէի, որ ինձ եր­գե­լու շնորհ է տո­ւել: Շ­նոր­հա­կալ կը լի­նէի ինձ տո­ւած այս­քա՜ն շնոր­հի հա­մար ու է­լի ուժ կը խնդրէի»:

Ծ­նած էր 1957 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 5ին, ­Գիւմ­րի: ­Հայ­րը մար­զիկ էր։ ­Մայ­րը՝ շնոր­հա­լի ձայն ու­նէր։ ­Տան չորս զա­ւակ­նե­րուն — եր­կու տղայ, եր­կու աղ­ջիկ — կրտսերն էր Ֆ­լո­րա։

Դպ­րո­ցա­կան տա­րի­նե­րէն իսկ, Ֆ­լո­րա կա­նո­նա­ւո­րա­բար հե­տե­ւե­ցաւ ձայ­նա­մար­զու­մի եւ ա­ւար­տեց ­Գիւմ­րիի «Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան»ի Ա­նո­ւան Ե­րաժշտա­նո­ցը: 1973ին, մաս­նակ­ցե­լով «­Գա­րուն 73» մրցոյ­թին, 16 տա­րե­կան երգ­չու­հին տի­րա­ցաւ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին։ Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ հան­դէս գալ «­Հան­րա­պե­տա­կան» ձայ­նաս­փիւ­ռէն եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ու մեծ գնա­հա­տան­քի: Այդ­պէ՛ս, ե­րաժշ­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցին հե­տե­ւե­լու նպա­տա­կով՝ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան:

1978ին Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեան մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թակ բարձ­րա­ցաւ՝ ­Գեր­մա­նիոյ ­Համ­պուրկ քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցած եր­գի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մրցա­նա­կին տի­րա­նա­լով։ 21ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ երգ­չու­հիին ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին յա­ջո­ղու­թիւնն էր, ո­րուն հե­տե­ւե­ցան բա­զում նո­ւա­ճում­ներ՝ աշ­խար­հի վաթ­սուն տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ հա­մեր­գա­յին ե­լոյթ­նե­րու ար­ժա­նաց­նե­լով հայ եր­գի «դի­ցու­հի»ին։

Նոյն այդ շրջա­նին, Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նի կա­տա­րու­մով ­Գու­սան Ա­շո­տի «­Ծո­վաստ­ղի­կը» եր­գը նո­ւա­ճեց հայ­րե­նա­կան եր­գա­րո­ւես­տի աշ­խար­հը եւ 15 տա­րի շա­րու­նակ հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ տա­րո­ւան լա­ւա­գոյն եր­գը:

1989ին Ֆ­լո­րա կազ­մեց իր ըն­տա­նե­կան բոյ­նը՝ ա­մուս­նա­նա­լով լրագ­րող Հ­րա­հատ ­Գէոր­գեա­նի հետ, որ մեծ երգ­չու­հիին ոչ միայն կեան­քի ըն­կե­րը, այ­լեւ գլխա­ւոր խորհր­դա­տուն դար­ձաւ։ Ու­նե­ցան եր­կու ե­րե­խայ։

1991ին ըն­տա­նեօք մեկ­նե­ցան Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ուր չորս տա­րի ման­կա­վար­ժա­կան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լէ ետք, Ֆ­լո­րա Մար­տի­րո­սեան 1995ին վե­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տան՝ միա­ժա­մա­նակ հայ­րե­նի­քի մէջ իր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու ո­րո­շու­մով: Այդ­պէս, 1997էն 2001, հայ եր­գի վար­պե­տը ա­ւե­լի քան չորս տա­րի ղե­կա­վա­րեց ­Գիւմ­րիի «Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան»ի Ա­նո­ւան Ե­րաժշտա­կան Դպ­րո­ցը:

2002ին, ­Լոս Ան­ճե­լը­սի ­Հո­լի­վուտ եւ ­Պըր­պէնք քա­ղաք­նե­րուն մէջ, Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեան հիմ­նեց «­Կո­մի­տա­սի Ա­նո­ւան Ե­րաժշ­տա­կան Դպ­րոց­նե­րը», ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան եւ ա­մե­րի­կեան ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցու­ցին հայ ա­նուա­նի երգ­չու­հիին:

2006-2007ին, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Ֆ­լո­րա ­Մարտ­րո­սեան նա­խա­ձեռ­նեց եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­գոր­ծեց «­Կո­մի­տաս» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Մի­ջազ­գա­յին Մր­ցոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ 2000 հայ ե­րե­խա­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ այլ երկր­նե­րէ։

2007ին ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ Ֆ­լո­րա հիմ­նեց «Artists for peace» ­Բա­րե­գոր­ծա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ի մի բե­րել աշ­խար­հահռչակ եր­գիչ-երգ­չու­հի­ներ, հո­լի­վու­տեան գե­րաստղ­ներ` ա­րո­ւես­տի ու­ժով ի­րենց ձայ­նը միաց­նե­լու եւ ինչ­պէս թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, այն­պէս եւ աշ­խար­հի տա­րած­քին կա­տա­րո­ւած ու շա­րու­նա­կո­ւող նման կար­գի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն Ո՛Չ՝ «Այ­լեւս եր­բե՛ք» պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լու հա­մար:

Ինչ­պէս որ Ֆ­լո­րա ­Մարտ­րո­սեա­նի կայ­քէ­ջը կը տե­ղե­կաց­նէ, 2007ին «մե­ծա­նուն երգ­չու­հին Կ­լեն­տէյ­լի «Ա­լեքս» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ հան­դէս ե­կաւ մե­նա­հա­մեր­գով, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ նաեւ հո­լի­վու­տեան գե­րաստղ ­Շե­րըն Ս­թոու­նի եղ­բայ­րը՝ բա­նաս­տեղծ ու եր­գա­հան Մայ­քըլ Ս­թոու­նը: ­Հա­մեր­գին ի­րեց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ ­Շե­րըն Ս­թոու­նը և հո­լի­վու­տեան բազ­մա­թիւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ։

«Իսկ 2011ի ­Նո­յեմ­բեր 1ին, ­Լոս Ան­ճե­լը­սի «­Կիպ­սըն» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Artists for peace» ­Բա­րե­գոր­ծա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի կազ­մա­կեր­պած ա­ռա­ջին մեծ հա­մեր­գը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան՝ Ս­թի­վի Ո­ւոն­տը­րը, ­Չա­քա-­Քա­նը, Է­րիք ­Պե­նե­թը, ­Պո­պի Պ­րոու­նը եւ ու­րիշ­ներ: Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նին յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քոնկ­րէ­սա­կան Պ­րետ ­Շեր­մը­նի յա­տուկ պա­տո­ւո­գի­րը՝ առ ի գնա­հա­տանք ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն հայ հա­մայն­քին մա­տու­ցած Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ եւ անգ­նա­հա­տե­լի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ ու յատ­կա­պէս եր­գի մի­ջո­ցաւ հա­մայն աշ­խար­հի տա­րած­քին ի նպաստ խա­ղա­ղու­թեան հայ եր­գի դի­ցու­հիին տա­րա­ծած պատ­գա­մին»։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ա­պա­ժամ վախ­ճան վե­րա­պա­հած էր Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նին։ ­Դեռ 56 տա­րի­քը չբո­լո­րած՝ հայ եր­գի դի­ցու­հիին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­ռուն կեան­քը վերջ գտաւ 20 Նո­յեմ­բեր  2012ին, երբ լե­ղա­պար­կի սո­վո­րա­կան վի­րա­հա­տու­մէն ետք ա­ռաջ ե­կան ա­ռող­ջա­կան բար­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք հայ ժո­ղո­վուր­դէն խլե­ցին-տա­րին ան­մո­ռա­նա­լի ձայնն ու ո­գե­շունչ եր­գը մեծն Ֆ­լո­րա ­Մար­տի­րո­սեա­նին՝ ա­նա­ւարտ ձգե­լով ա­նոր Ուխ­տը.

— «Իմ ոչ մի հա­մերգ ես հէնց այն­պէս չեմ ա­րել. ­Մի բա­նի պի­տի ծա­ռա­յեն: Իմ վեր­ջին տա­րի­նե­րի հա­մերգ­նե­րը նո­ւի­րո­ւած են ե­ղել մի սրբա­զան ծրագ­րի` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը: Ես հա­ւա­տում եմ, որ աշ­խար­հը ճա­նա­չե­լու է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նութ­յան փաս­տը: Ա.Մ.Ն.ում հա­մերգ եմ կազ­մա­կեր­պել, եւ թէ­կուզ այդ երկ­րի նա­խա­գահն այդ­պէս էլ չի ար­տա­բե­րում «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը, բայց Ս­թի­վի Ո­ւան­դե­րի նման եր­գիչն էր ե­կել հա­մեր­գին:

«­Մին­չեւ վեր­ջին շունչս պայ­քա­րե­լու եմ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար»