Երեւան-Գիւմրի Ուղղութեամբ Պիտի Գործարկուի Երկրորդ Ելեկտրագնացքը

Այլեւայլ, Հայաստան

2019-ի Մարտէն Երեւան-Գիւմրի-Երեւան ուղղութեամբ ուղեւորափոխադրումներ պիտի իրականացնէ երկրորդ նոր ելեկտրագնացքը: Ան պիտի ունենայ 120 տեղ եւ պիտի համապատասխանէ ժամանակակից չափորանիշներուն:

Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ՓԲԸ-ի մամուլի խօսնակ Ռուբէն Գրձելեան յայտնած է, որ գնացքները դեռ նոր բերուած են: «Յստակ ժամանակացոյց դեռ չկայ, բայց կ՛ենթադրուի`ուղեւորափոխադրումներ իրականացուին ամէն օր: Տոմսի գինը պիտի մնայ անփոփոխ`2500 ՀՀ դրամ»,- ըսած է ան:

Աւելցնենք, որ 2018-ին ՀԿԵ արդիականացման ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս գնուած էր 2 նոր ելեկտրագնացք եւ 40 նոր կիսավագոն: Կիսաւագոնները այժմ կը շահագործուին պղինձի խտանիւթի արտահանելու համար: