«Ուիքիփետիա»-ի Մէջ Շուտով Արեւմտահայերէնը Պիտի Ունենայ Առանձին Տիրոյթ

Հայաստան, Սփիւռք

«Ուիքիփետիա» ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանին մէջ մօտ 2 շաբաթէն պիտի ստեղծուի արեւմտահայերէն առանձին տիրոյթ, լրագրողներուն յայտնած է «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիրմետիա»-ն։

«Ուիքիփետիա» հայկական տիրոյթին մէջ արեւմտահայերէնով նիւթեր գրուած են դեռ 2014-էն: Ցաւօք, արեւմտահայերէնը ISO օրինակարգ (code) չունէր, եւ ան որպէս առանձին լեզու հաստատելու համար  բաւական ժամանակ ծախսուեցաւ:

«Կիւլպենկեան» հիմնադրամին հետ համագործակելով ISO օրինակարգ ունեցանք», նշած է Մկրտչեան:

Անոր խօսքով` Լեզուի Կոմիտէի որոշումը կայ, որ «Ուիքիփետիա»-ի մէջ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնէն պէտք է առանձնանայ:

«Մնացած են տեխնիկական հարցեր: Կը կարծեմ, մօտ երկու շաբաթուան ընթացքին պիտի լուծուին այդ հարցերը», շեշտած է ան:

«Ուիքիփետիա»-ի մէջ արեւմտահայերէնով գրուած է աւելի քան 7000 յօդուած: