Երուսաղէմի Հայկական Խեցեղէնը UNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ Ներառելու Առաջարկ Եղած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Երուսաղէմի հայկական խեցեղէնը պէտք է ներառուի UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այս մասին կը գրէ News.am-ը՝ վկայակոչելով «Jerusalem Post»-ը։

Յօդուածագիր Էլազար Նուտէլ կը ներկայացնէ 6 կէտէ բաղկացած ցուցակ մը, որ ըստ իրեն պէտք է ներառուի UNESCO-ի ցանկին մէջ:

«1922 թուականէն հայկական ձեռագործ կաւէ սպասքը տարածուած երեւոյթ դարձաւ Երուսաղէմի մէջ: Հայկական կաւէ ամաններու ծաղկազարդ նախշերը դարձան Երուսաղէմի արհեստի այցեքարտը»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Աղբիւրին հաաձայն՝ իսրայէլական ազգային պարը, հրէական շոֆար ծիսական հոգեւոր երաժշտկան գործիքը, եբրայերէնով գրուած ժամանակակից պոէզիան, հնգամատեանի ընթերցումը եւ համիրեան հարսանեկան ծէսը նոյնպէս պէտք է ընդգրկուին ցանկին մէջ:

Նշենք, որ 2019 Յունուար 1-ին, ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը պաշտօնապէս դուրս եկան ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութենէն (UNESCO): Անոնց խօսքով՝ դուրս գալու պատճառը Իսրայէլի նկատմամբ կանխակալ վերաբերմունքն էր։