Ծերակոյտին Որոշումը Պիտի Նպաստէ Ամերիկա-Հայաստան Առեւտուրին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 16 Յունուարին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ ձախողեցաւ ռուս մեծահարուստ գործարար Օլեկ Տերիփասքայի պատկանող եւ պաղլեղածին (ալումիւնում) արտադրող «Ռուսալ» ընկերութեան դէմ պատժամիջոցները մեղմացնելու քայլերը կասեցնելու առաջարկը, որ գործնականապէս պիտի նպաստէ դէպի Միացեալ Նահանգներ պաղլեղածին արտածող Երեւանի Արաբկիր շրջանին մէջ հաստատուած «Արմէնալ» գործարանին, որ կապեր ունի «Ռուսալ»ի հետ:

Գործարանը աշխատանք կ՛ապահովէ մօտաւորապէս 700 քաղաքացիներու, նպաստելով անոնց ընտանիքներուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Հայ Դատը չէ մասնակցած պատժամիջոցները վերցնելու վերաբերեալ բանավէճին, սակայն պիտի գործակցի թէ՛ հանրապետական եւ թէ դեմոկրատ օրէնսդիրներու հետ, որպէսզի Հայաստանը հեռու պահէ ամերիկեան որեւէ պատժամիջոցէ:

Տերիփասքայի պատկանող «Ռու-սալ» եւ երկու այլ ընկերութիւններու դէմ պատժամիջոցները մեղմացնելու համաձայնութիւնը գոյացած էր Միացեալ Նահանգներու գանձապետ Սթիւըն Մընուչինի հետ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք։

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի տուեալներուն՝ «Արմէնալ» որոշած էր կրճատել իր արտադրութիւնները, եթէ պատժամիջոցները չմեղմացուէին։ Հայկական ընկերութիւնը իր արտադրութիւնները կ՛արտածէ դէպի Քոլորատօ, Իլինոյ եւ այլ նահանգներ, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ շուկաներ։

Ծերակոյտին մէջ 100-47 աթոռները ապահոված դեմոկրատները յաջողած էին համոզել 11 հանրապետականներուն, որ պատժամիջոցներ չմեղմացնելու իրենց նախաձեռնութեան կողմ քուէարկեն, սակայն չէին կրցած հարկաւոր 60 քուէներուն հասնիլ։ Մնուչին ծերակուատականներուն հաւաստիացուած էր, որ նշուած երեք ընկերութիւններուն դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կարելի է վերցնել, որովհետեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ սերտ կապեր ունեցող Տերիփասքա, իր բաժնետոմսերուն մէկ մասը ծախելով՝ այժմ անոնց նուազ քան 50 տոկոսը ունի։ Սակայն բոլոր ծերակուտականները համոզիչ չգտան այս պնդումը։