Ակնարկ. Արաբական Վեհաժողովն Ու Միջանկեալ Գործողութիւնները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Պէյրութի հիւրընկալած Արաբական տնտեսական վեհաժողովը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութեան վրայ: Հարթելէ ետք ներլիբանանեան հակասութիւնները, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանաձեւը ստացաւ համաարաբական համաձայնութիւն: Անհրաժեշտութիւնը այս պարագային միջոցներ կ՛ենթադրէ, եւ ուրեմն հիմնականին մէջ տնտեսական վեհաժողովի ընելիքը նիւթական միջոցներու հայթայթումն է` վերադարձի գործողութիւններ կազմակերպելու համար:

Գաղթականներու կամ տեղահանուածներու երեւոյթը միջազգային ընտանիքի կողմէ աշխարհի տարածքին կը յայտնուի ուշադրութեան կիզակէտին, որուն համար ալ կը գործեն մնայուն բաժանմունքներ, կազմակերպութիւններ, կը յատկացուին մեծագումար պիւտճէներ նախ անշուշտ տեղւոյն վրայ այդ կարգավիճակին մէջ գտնուողներուն կարիքները հոգալու, համարկումի բազմաոլորտ քաղաքականութիւն վարելու եւ կարելիութեան պարագաներուն` տունդարձի ճամբու հարթման համար ենթահող ձեւաւորելու:

Նման գործողութիւններ երկարատեւ բնոյթ ունին, չըսելու համար յաճախ` մնայուն տեսք եւ ուրեմն մնայուն նիւթական միջոցներու հայթայթում: Արաբական տնտեսական վեհաժողովը նման յանձնառութիւն վերցնելու առաջադրանքը բանաձեւեց:

Հիմնախնդիրը անշուշտ միայն տնտեսական եւ նիւթական չէ: Յատկապէս երբ Սուրիայէն Լիբանան անցած միլիոնաւոր գաղթականներու մասին է խօսքը, տունդարձի գործողութիւններ կազմակերպելը բնականաբար ունի քաղաքական ենթաիմաստ: Այդ կը նշանակէ, որ երկիրը խաղաղութիւնը վերագտնելու ընթացքին մէջ է, հետեւաբար տեղահանուած բնակիչները պէտք է վերադառնան:

Միաժամանակ սակայն, ռազմաքաղաքական իրավիճակը Սուրիոյ մէջ առ այս պահը այն համոզումը չի փոխանցեր, որ խաղաղութեան մեծ համաձայնութիւնը կայացած է: Իրավիճակը այնպիսին է, որ իրադրութիւնները համոզել կու տան, որ համաձայնեցուած տեղաշարժեր կ՛արձանագրուին, որոշ տարածքներ կ՛ահաբեկչազերծուին եւ այլ աշխարհագրական միջավայրերու մէջ ծրագրաւորուած համախմբումներ եւ սահմանափակումներ կ՛արձանագրուին: Այլ խօսքով` գօտիներու սահմանագծումները գերտէրութիւններու առեւտուրի պարունակին մէջ չեն վերջնականացած տակաւին:

Մարդասիրական թուացող, ըստ էութեան սակայն քաղաքական այն գործողութիւնները, որոնք կը վերաբերին տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն, թափ չեն ստանար, այնքան ատեն որ քաղաքական կանաչ լոյսերը չեն վառած: Սուրիական հանգուցալուծման միջազգային պայմանաւորուածութեան վերջնական տեսք ստանալը կը նախանշուի զուգահեռ` վերականգնումի միջազգային աշխատանքներուն:

Հետեւաբար գօտիներու շուրջ համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ պատերազմի աւարտ, որ ինքնին կը նախանշէ շինարարական հսկայածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկում` միջազգային ընկերութիւններու ներգրաւումով, զուգահեռ` միջազգային նկատելի օժանդակութիւններ գաղթականներու տունդարձի ծրագիրներուն նպաստող:

Արաբական վեհաժողովը այս փուլին միջանկեալ դասաւորումներ կը կատարէ Լիբանանը գաղթականական բեռնաթափումի ենթարկելու յայտարարութիւններով, բայց նաեւ այդ բոլորին համար պիւտճէ տրամադրելու յանձնառութիւններով:

Այս միտումներէն կը թուի, որ դժգոհ է Թել Ալիւը: Մինչ, Տոհայի բարձրագոյն մակարդակով մասնակցութիւնը, գործնական օժանդակութեան տպաւորիչ փաստը վերլուծաբանական մօտեցումներուն մէջ չեն բացառեր Անգարա-Տոհա համաձայնութեան վարկածը` նման քայլի դիմելու առումով: Տոհան Թեհրանի հետ բնականոն կապեր հաստատելու դիմաց ենթարկուած էր համաարաբական տարողութեամբ մեկուսացման եւ ցարդ կը գտնուի նոյն կարգավիճակին մէջ:

Ընդհանուր այս անհանգստութիւնը կը մղէր Թել Աւիւը` հարուածելու Սուրիոյ մէջ գտնուող իրանեան յենակէտեր եւ աւելի շեշտակի յայտարարելու, որ Իրանի դէմ իր գործողութիւնները թափ պիտի հաւաքեն:

Այս նախադրեալները կը վերահամոզեն, որ սուրիական հանգուցալուծման վերջնական պայմանաւորուածութիւնները ձգձգուելու իրականութեան առջեւ են: Մինչ այդ, Պէյրութը կրնայ նիւթական յատկացումներ ստանալ, Քաթարը ապամեկուսացման առումով քայլեր արձանագրել, Անգարան առաւել գրանցել Թել Աւիւի հաշուոյն եւ Թել Աւիւը իրանեան յենակէտեր հարուածելով սպառնալ տարածաշրջանի ապակայունացման: