COAF-ի Նոր Տնօրէն Կը Նշանակուի Կորիւն Խաչատուրեանը

Հայաստան, Սփիւռք

Կորիւն Խաչատուրեան նշանակուած է «Հայաստանի Մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (COAF/ՍՈԱՖ) գործադիր տնօրէն:

Ան պիտի գլխաւորէ hիմնադրամի երեւանեան գրասենեակի աշխատանքը` ապահովելով կազմակերպութեան առանցքային ծրագիրներու իրագործումը` ՍՈԱՖ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը եւ աւանդական ծրագիրները կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ:

 «Մեծ ոգեւորութեամբ կը միանա ՍՈԱֆ-ին այս կարեւոր ժամանակահատուածին: Նախորդ 15 տարիներու ընթացքին Հայաստանի գիւղական համայնքներու մէջ կեանքի որակի բարձրացման ուղղութեամբ մեծ գործ կը տարուի: Հայաստանի երեխաները լաւագոյնին արժանի են, եւ մենք այս գործին կոչուած ենք` միշտ ձգտելով կատարելութեան»,- ըսած է Խաչատուրեան:

 Ան անմիջապէս հաշուետու է ՍՈԱՖ-ի հիմնադիր Կարօ Արմէնին, որ կրկին կը միանայ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի հայաստանեան հոգաբարձուներու խորհուրդին:

 «Մենք վստահ ենք, որ արհեստագիտութեան տիրապետման ու նորարարութեան շնորհիւ պիտի կառուցուի ուժեղ համայնք, պիտի արձանագրուի տնտեսական աճ եւ յառաջընթաց պիտի ապահովուի մեր շահառու համայնքներու մէջ իրագործուող ծրագիրերուն համար»,- նշած է ՍՈԱՖ-ի հիմնադիր Կարօ Արմէն:

 «Հետամուտ ըլլալով 2018 թուականի գլխաւոր դրամահաւաքին հանգանակուած 4 միլիոն տոլարին` մենք բազմաթիւ ընելիքներ ունինք ու հաշուետու ենք ատոր համար: Ուրախ եմ, որ Կորիւնը` իր անցած ճանապարհով ու յաջողութիւններով, կը միանայ ՍՈԱՖ-ի մեր խումբին եւ պիտի օգնէ իրականացնելու յաջորդ սերունդին զօրավիգ ըլլալու յաւակնոտ առաքելութեան»,- աւելցուցած է ան: