Երուսաղէմի Նորընտիր Քաղաքապետը Այցելած է Հայոց Պատրիարքարան

Աշխարհ, Սփիւռք

Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր հանդիպում մը ունեցած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, հանդիպման ընթացքին Պատրիարք սրբազանը շնորհաւորած է Մոշէ Լիոնը քաղաքապետ ընտրուելու առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթած  անոր, իսկ նորընտիր քաղաքապետը իր հերթին Պատրիարք սրբազանին շնորհաւորած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ հայկական համայնքին յուզող հարցեր: