Փարիզի Մէջ Մեկնարկած է Զոհրապ Մնացականեանի Հանդիպումը ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու եւ Անճէյ Գասպրշիկի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի մէջ, Յունուար 16-ին, մեկնարկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

 

Նախապէս յայտարարուած էր, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Յունուար 16-ին, Փարիզի մէջ պիտի կայանայ նաեւ Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: