«Չենք Հրաժարիր, Ախբարիկ» Խորագիրով Սգոյ Ձեռնարկ՝ Նուիրուած Հրանդ Տինքի Սպանութեան 12–րդ Տարելիցին

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 12–րդ տարելիցին առիթով կրկին սգոյ ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրութեան դիմաց։

 

Ըստ «Ակօս»-ի տեղեկութիւններուն՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած սգոյ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ժամը 15։00–ին, Օսմանպէյ թաղամասին մէջ, «Ակօս»-ի նախկին խմբագրութեան դիմաց։

 

Սգոյ ձեռնարկը պիտի կրէ «Չենք հրաժարիր, ախբարիկ» խորագիրը։