Մոսկուան 2019-ին Յառաջընթաց Կ՛ակնկալէ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործով. Լաւրով

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիա այս տարի յառաջընթաց կ՛ակնկալէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործով: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը, Յունուար 16-ին յայտարարած Է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով` ելոյթ ունենալով 2018 թուականի արդիւնքներուն նուիրուած մեծ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

«Այս ամիս կը ծրագրուի Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն համանախագահներու (ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի-խմբ.) հերթական շփումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այնպէս որ, կը կարծեմ, այս ուղղութեամբ ալ մենք պիտի կարենանք օժանդակել հակամարտութեան կարգաւորման, որ կը ձգձգուի, բայց որ միանգամայն ենթակայ Է լուծման Երեւանի ու Պաքուի բարի կամքի առկայութեան եւ միջազգային հանրութեան` ի դէմս համանախագահներու աջակցութեան պարագային»,-ըսած Է ան:

Յունուար 16-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը` ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն առաջարկութեամբ եւ մասնակցութեամբ: