Մալաթիոյ եւ Խարբերդի Հայերը Նոյնպէս Նշած են Սուրբ Ծննդեան Տօնը

Էրկիր, Սփիւռք

Հաթայի հայկական եկեղեցւոյ սպասաւոր Աւետիս Թաբաշեան, Կ.Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն հոգեւորական Թաթուլ Անոյշեան եւ աւագ քահանայ Գէորգ Չընարեան Յունուար 10-ին եւ 11-ին այցելած են Մալաթիա եւ Խարբերդ, որպէսզի այնտեղի հայութեան հետ նշեն Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծննդեան տօնը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն` հոգեւորականները նախ ժամանած են Խարբերդ (թրք. անուանումը` Էլազըղ): Հաթայի հայկական եկեղեցւոյ սպասաւոր Աւետիս Թաբաշեան մէկ առ մէկ այցելած է այստեղի հայերուն եւ օրհնած անոնց տուները:

Յաջորդ օրը` առաւօտեան ժամերուն, Աւետիս Թաբաշեան մեկնած է հայկական գերեզմանոց եւ աղօթած հանգուցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Իսկ Մալաթիոյ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին մասնակցած են նաեւ Խարբերդէն ժամանած հայերը: Պատարագէն ետք տեղի ունեցած է ջրօրհնէքի արարողութիւն: