Մեկնարկ` Լեռնալիբանանի Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործընթացին (ՀՅԴ – Փաղանգաւոր Միացեալ Նախաձեռնութեան Առիթով)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած դասախօսական հանդիպումներուն, լիբանանցի օրէնսդիրներ եւ քաղաքական գործիչներ արծարծած էին նաեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Լեռնալիբանանի դէմ կիրարկուած սովամահութեամբ զանգուածային սպանութիւններ կազմակերպելու պետական քաղաքականութեան հետեւանքները: Այդ բոլոր առիթներուն համակողմանիօրէն իբրեւ ուսանելի օրինակ, լիբանանցի պետական եւ քաղաքական դէմքերը լուսարձակի տակ առած էին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման պահանջատիրութեամբ աշխարհին ներկայացող հայ ժողովուրդի անտեղիտալի կամքն ու հետեւողական աշխատանքը:

Այս առիթով Քասլիքի համալսարանին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին հնչեց նաեւ այն տեսակէտը, որ հետեւելով հայոց օրինակին, պաշտօնական Պէյրութը պէտք է իրաւականացման ընթացակարգի մէջ դնէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Լեռնալիբանանի դէմ կիրարկուած ցեղասպանական արարքը: Ի վերջոյ պետական քաղաքականութեամբ, կանխամտածուած զանգուածային բնաջնջման համազօր արարք էր այն, ինչ որ օսմանեան վարիչները ի գործ դրին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայ, ասորի, քաղդէացի, մարոնի եւ շիի փոքրամասնութիւններուն դէմ:

Յիշենք նաեւ, որ դարձեալ 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան օրուան ղեկավար եւ այժմու հանրապետութեան նախագահը զուգահեռ գծած էր 20-րդ դարուն առաջին ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարուն միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ իրականացուող ցեղային զտումներուն միջեւ` քաղաքական այն ուղերձը փոխանցելով, որ առաջինին ուղղակի ծրագրաւորողն ու գործադրողը երկրորդի պարագային նոյն քաղաքականութիւնը կը կիրարկէր միջնորդաւորուած  ձեւով: Պարզօրէն` միեւնոյն Թուրքիան կը շարունակէր իրականացնել ցեղասպանական քաղաքականութիւն:

Չորս օր առաջ հրապարակուած լրատուութիւնը` Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութիւններու յիշատակի օրի վերածելու օրինագիծին մասին, աննկատ չ՛անցնիր Անգարայի համապատասխան գերատեսչութիւններու մշտադիտարկում կատարող բաժանմունքներէն:

Հայկական, ասորական, յունական, քրտական ցեղասպանութիւններ իրականացուցած Թուրքիոյ ստուար թղթածրարին վրայ պիտի աւելնայ նաեւ լիբանանեանը: Կ՛ենթադրուի, որ քաղաքական պայմաններու փոփոխութեանց, թրքական գործօնի աշխուժացման եւ ազդեցութեան գօտիներու նուաճման մերօրեայ համապատկերին մէջ որոշակի խոչընդոտներու դէմ յանդիման գտնուինք:

2000 թուականին, Լիբանանի խորհրդարանը կ՛որդեգրէր ցարդ քուէարկուած բազմաթիւ բանաձեւերէն համեմատաբար ամէնէն կուռ, ամէնէն հասցէական, ամէնէն դատապարտող եւ միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն պահանջող բանաձեւը, միաձայնութեամբ: Այս իմաստով չէ բացառուած, որ նոյն պատկերը կրկնուելու իրականութեան դէմ յանդիման չըլլանք:

Այսուհանդերձ, յայտարարուած է, որ օրինագիծը պիտի մշակուի, համաստորագրուի եւ ներկայացուի խորհրդարան: Լիբանանի մէջ եւս յար եւ նման այլ երկիրներու, օրինագիծի ընդունման նախապատրաստական աշխատանքներու, բանակցութիւններու եւ լոպիիստական հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը կը ծագի:

100-ամեակին ազդանշանը տրուած էր, որ Ցեղասպանութեան հարցը հայկականութենէն անդին ներգրաւած էր արդէն լիբանանեան դաշտի յատկապէս քրիստոնեայ հատուածը: Հիմա կը նախանշուի, որ խնդիրը համալիբանանեան տարողութիւն ստանալու իրաւակարգի շեմին կը գտնուի:

Այս սիւնակներէն բազմիցս շեշտուած էր մայիս 6-ի խորհուրդը վերաիմաստաւորելու,  հաւաքական յիշողութիւնը վերաթարմացնելու եւ Նահատակաց օրուան խորհուրդը վերարծարծելու անհրաժեշտութիւնը: Օրինագիծի վաւերացումով մայիս 6-ը համատեղուելով ապրիլ 24-ի հետ` արձանագրած կ՛ըլլայ իր վերաիմաստաւորումը:

ՀՅԴ-Փաղանգաւոր միացեալ նախաձեռնութեան արդիւնաւորումը համալիբանանեան տարողութեամբ կ՛օրինականացնէ Հայոց եւ Լեռնալիբանանի ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակի յարգումը եւ ամենայն հաւանականութեամբ  մեկնարկային կէտ  կ՛ապահովէ Լեռնալիբանանի ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին: