Արամի Տան Ողբերգութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմենեան

Կ՚իմանամ, որ Հանրապետութեան նոր ճարտարապետը կը հաւաստիացնէ, որ Արամի Տունը իր պաշտօնավարութեան օրով չի քանդուելու… Գոհացա՞ծ էք, սիրելիներ։

Ցարդ այս է Փաշինեանի իշխանութեան անուղղակի հաւաստիքը։ Ես մեծ հաւատք ունիմ Պր. Մեսչեանի անկեղծութեան վրայ, բայց իմ ուսուցիչ՝ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի տողերը իր երգերով պանծացնող իմ ազգակիցէն կը սպասեմ շատ աւելին։ Այդ շէնքը պիտի դուրս գայ Սրմաքէշի սեփականութեան ծիրէն։

Ան պիտի անցնի հանրութեան իրաւասութեան։ Մի հարցնէք, թէ ի՞նչ ձեւակերպումով։ Թեքնիք խնդիր է, զոր յետոյ կը պարզաբանեմ։ Շէնքը իր սկզբնական ամբողջական յղացքով պիտի վերականգնի եւ պիտի վերածուի Արամ Մանուկեանի Տուն Թանգարանի։ Եւ, իմ կարծիքով, այս բոլորը տեղի պէտք է ունենայ Պր. Սրմաքէշի բարերարութեամբ։

Պր. Սրմաքէշ կրնա՞յ հանգիստ խղճով այս փաթեթին հրապարակաւ «ոչ» ըսել։ Պր. Մեսչեան պատրա՞ստ է այս փաթեթին հրապարակաւ «այո» ըսելու։Պարոնայք Սրմաքէշ, Մեսչեան եւ Վարչապետի Պաշտօնակատար Փաշինեան պատրա՞ստ են միասնաբար այցելելու շէնքին վայրը և հրապարակաւ լուսանկարուելու այս ազգային ամօթին առջեւ։

Հարց կու տաք, թէ ինչու՞ բացառաբար մատնացոյց կ՚ընեմ մեր երեք մեծարգոյ հայրենակիցները այս խնդրով։ Քանի որ այսօր իրենք են, որ կանչուած են հայոց պատմութեան դատին։ Իրենք են միայն, որ կրնան տապանաքարը իր տեղէն շարժել։ Յունուարի 29-ը Արամ Մանուկեանի մահուան հարիւրամեակն է։