ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Ձմեռնային Հաւաքը՝ Ի Նպաստ Հայաստանի Կանանց Նուիրուած ՀԲԸՄ-ի Ծրագիրին

Հայաստան, Սփիւռք

Նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան (AGBU-YPNC), 15-17 Փետրուարի շաբաթավերջը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան 19-րդ ձմեռնային հաւաքը, որուն հասոյթը այս տարի պիտի տրամադրուի Հայաստանի կանանց նուիրուած ՀԲԸՄ-ի ծրագիրին:

Քաղաքին մէջ իրականանալիք շարք մը հաւաքոյթներու եւ պտոյտներու կողքին, այս նախաձեռնութեան արձանագրուողները նաեւ պիտի մասնակցին հռչակաւոր Սոնոմա հովիտի գինիներ համտեսելու շրջապտոյտի մը (17 Փետրուարին):

Ձմեռնային հաւաքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել agbusfgala@gmail.com հասցէին ու (415) 295-2259 թիւին կամ այցելել

www.agbusfwintergala.org կայքը:

0000AGBU SF Gala 2018_Friday Lounge Night