Այնճարի Բարգաւաճման Ի Խնդիր` Ճիգ Չենք Խնայեր Եւ Լիբանանի Մէջ Պիտի Ըլլանք Առաջին Ազգային Զբօսավայր Ունեցող Գիւղաքաղաքը. Վարդգէս Խօշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այնճարի քաղաքապետութեան աշխատանքներուն ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Հարցազրոյցները վարեց` Արշօ Պալեան։

Թէ ինչո՞ւ Այնճարի քաղաքապետութիւնը «Հաուշ Մուսա» կը կոչուի հարցումին պատասխանելով` Վ. Խօշեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, որ Այնճարի քաղաքապետութեան պաշտօնական գրանցումը Մուսա Լերան հասկացողութենէն եկած է, եւ որովհետեւ շրջանին մէջ գտնուող գիւղաքաղաքները արձանագրուած են Հաուշ Ումարա, Հաուշ Զարաանի, Հաուշ Թաքլա, եւ այլ անուններով, ուրեմն Մուսա Լերան անունը պահպանելու համար պետական տոմարներուն մէջ գրանցումը կատարուած է իբրեւ «Հաուշ Մուսա»:

Այնճարի քաղաքապետարանը կը գործէ իր քաղաքապետական խորհուրդի հայ անդամներով, հայ պաշտօնեաներով եւ հայ ոստիկաններով: «Մեր ամբողջ անձնակազմը հայ է եւ կ՛աշխատինք հայկական ազգային ոգիով: Ուրախ ենք նաեւ յայտնելու, որ մենք կը վայելենք ժողովուրդին վստահութիւնը, այն իմաստով, որ անոնք որեւէ հարցի պարագային քաղաքապետութեան կը դիմեն եւ ոչ թէ` պետութեան կամ դատարան: Անոնք կը վստահին մեզի եւ կը հաւատան հարցերը լուծելու մեր կարողութեան: Այս իրականութեան փաստը այն է, որ Զահլէի եւ Պեքայի շրջանի դատարաններուն մէջ հայու դատ չկայ», ըսաւ քաղաքապետը:

Վ. Խօշեան յայտնեց, որ Այնճարի քաղաքապետութեան աշխատանքները ունին տարբեր բնոյթներ, որոնցմէ են` կազմակերպական, ծառայողական, օժանդակութիւններու, բարգաւաճման, շինարարական եւ այլ:

«Կազմակերպական աշխատանք ըսելով կը հասկնանք ժողովական կեանքը: Այնճարի քաղաքապետութեան նիստերը շաբաթական դրութեամբ չէ, որ կ՛ընթանան, այլ` տասնօրեայ, նկատի ունենալով Այնճարի քաղաքապետութեան խորհուրդի այն անդամները, որոնք Պէյրութ կը բնակին:

Պէտք է ըսել, որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները մնայուն ներկայութիւն են եւ անոնց աշխատանքներն ու Այնճարի կեանքին բարելաւման ու բարգաւաճման զօրակցութիւնը գնահատելի է», ըսաւ ան:

Վ. Խօշեան նշեց, որ քաղաքապետական խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամ ստանձնած է պատասխանատուութիւն մը, ինչ որ կը մղէ զինք յաւելեալ խանդավառութեամբ եւ ի սրտէ գործելու: «Այդ պատասխանատուութիւնը կրնայ ըլլայ քաղաքապետարանին եւ ոչ կառավարական կազմակերպութեան մը հետ յարաբերականի ներկայացուցիչ, տեղական միութիւններու ներկայացուցչութիւն, օրինակ` Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, ԼՕԽ-ը ունին իրենց ներկայացուցիչները: Քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներու կազմակերպում եւ այլն», ըսաւ ան:

Վարդգէս Խօշեան հաստատեց, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը ունի շատ աշխուժ կենսոլորտի յանձնախումբ մը, որ Լիբանանի մակարդակով կարելի է ըսել ամէնէն աշխուժ յանձնախումբն է, որ ստեղծուած է հանգուցեալ Պօղոս Ղուկասեանի ջանքերով: «Ղուկասեանի մահէն ետք անոր ստղեծած կազմը շարունակեց իր աշխատանքը, եւ մենք անոր յիշատակը յարգելու եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար պիտի պատրաստենք պուրակ մը, ուր պիտի ցանենք վայրի բուսականութիւն», ըսաւ ան:

Վարդգէս Խօշեան յայտնեց, որ Այնճարի քաղաքապետութեան կենսոլորտի յանձնախումբը ներկայիս ստանձնած է հսկայ աշխատանք մը, որ վերամշակման (recycling) աշխատանքն է, աւելցնելով, որ ըստ յանձնախումբին Այնճարի մէջ հինգ տարի ետք աղբ պիտի չմնայ:

«Այս իմաստով, արդէն իսկ լուրջ աշխատանք եւ գործակցութիւն սկսած ենք ճափոնական դեսպանատան հետ, որ մօտիկ ապագային մեզի պիտի տրամադրէ փոխադրակառք մը` այս աշխատանքի յաջողութեան համար», ըսաւ ան:

Քաղաքապետը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այդ յանձնախումբին պատասխանատուները կիներ են, որոնք դասախօսութիւններ կը լսեն, խորհուրդներ կը ստանան եւ արդէն իսկ պատրաստուած են կտորէ յատուկ պայուսակներ, որոնք կ՛օգտագործուին շուկայէն ապրանք գնելու` նուազեցնելու համար յաւելեալ կերպընկալի գործածութիւնը:

«Այնճարի փողոցներուն վրայ արդէն զետեղուած են աղբի վերամշակման յատուկ երեք տեսակի աղբամաններ: Ուրախ եմ նաեւ յայտարարելու, որ այս աշխատանքը հեզասահ կ՛ընթանայ, որովհետեւ այդ աղբամաններուն բաժանումները յարգելով է, որ մարդիկ կը նետեն աղբը», աւելցուց ան:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը լուրջ աշխատանք կը տանի նաեւ ծառատնկումի իմաստով, աւելցնելով, որ Այնճար այցելող իւրաքանչիւր պաշտօնական հիւր ծառ մը կը տնկէ, եւ անոր անունով ցուցանակ մը կը զետեղուի ծառին մօտ: «Առաջին հիւրը ճափոնցին էր», ըսաւ ան:

Վ. Խօշեան ընդգծեց, որ այս յանձնախումբերուն կողքին, կան քաղաքապետութեան այն յանձնախումբերը, որոնք պէտք է անպայման գործեն` լիբանանեան պետութեան օրէնքներուն համաձայն: «Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները նաեւ մաս կը կազմեն այս յանձնախումբերուն: Կրցած ենք այնպէս մը բաժնել աշխատանքը, որ քաղաքապետութեան խորհուրդի 15 անդամներն ալ վարչական այս աշխատանքին մէջ իրենց ներդրումը ունենան», ըսաւ ան:

Քաղաքապետը ըսաւ նաեւ, որ ինչպէս ամէն քաղաքապետութիւն` Այնճարի քաղաքապետութիւնն ալ ունի իր քարտուղարութիւնը, հաշուապահութիւնը եւ վարչական այլ բաժանմունքներ, որոնց վրայ կ՛աւելնայ արխիւի յանձնախումբը:

«Հաւանաբար արխիւային աշխատանքը եւ անոր համար յանձնախումբ ունենալը միայն Այնճարին յատուկ է: Ունինք արխիւներ, որոնք Լիբանանի մէջ ֆրանսական հոգատարութեան օրերէն մնացած են: Հետեւաբար Այնճարի քաղաքապետարանը կարիք ունի արխիւի պատասխանատուի մը, որ ֆրանսերէն գիտնայ եւ օրէնսդրական որոշ եզրաբանութիւն գիտնայ` դասաւորելու համար մեր արխիւը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շատ նուրբ գործ է այդ արխիւին դասաւորումը եւ օրուան ընթացքին կարելի է միայն սահմանափակ ժամերու ընթացքին աշխատիլ: «Հետեւաբար մենք իսկապէս մասնագէտի կարիք ունինք այս աշխատանքը իրագործելու եւ մեր արխիւները դասաւորելու եւ պահպանելու աշխատանքը հասցնենք իր լրումին», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով ծառայողական աշխատանքներուն` Վ. Խօշեան շեշտեց, որ ընթացիկ աշխատանքներուն, ինչպէս` կուպրապատում, աղբահանութիւն, ելեկտրականութիւն, ջուր եւ այլ աշխատանքներու կողքին, քաղաքապետարանը կը սատարէ ազգային բոլոր գործունէութիւններուն` նկատի ունենալով իր ազգային գործելաոճը:

«Օրինակ, եթէ Համայզգայինը մշակութային որեւէ ձեռնարկ պիտի կազմակերպէ, մեր հովանաւորութիւնը կը վայելէ: Նոյնն է պարագան` երբ ԼՕԽ-ը առողջապահական ծառայողական արշաւ մը պիտի կատարէ, Այնճարի քաղաքապետարանը սատար կը հանդիսանայ անոր կատարելիք աշխատանքին: ՀՄԸՄ-ը նոյնպէս կը վայելէ քաղաքապետարանին հովանաւորութիւնը: Այս գործակցութիւնը միշտ կայ, միշտ հեզասահ է եւ գործակցութիւնը ինքնին ազգային մթնոլորտ կը ստեղծէ: Անշուշտ քաղաքապետութիւնը եւ ՀՅԴ «Կամիր լեռ» կոմիտէութիւնը մնայուն գործակցութեան մէջ են եւ որոշումները միատեղ կը տրուին, համադրաբար», շեշտեց ան:

Վ. Խօշեան հաստատեց նաեւ, որ քաղաքապետարանը կը նպաստէ նաեւ ազգային դիմագիծի պահպանման աշխատանքին` սատարելով Այնճարի բոլոր դպրոցներուն: «Այնճարի քաղաքապետարանը նիւթական եւ բարոյական հսկայ յատկացումներ կը կատարէ բոլոր դպրոցներուն», ըսաւ ան:

Այնճարի մաքրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Խօշեան ըսաւ, որ այդ աշխատանքը կազմակերպուած է եւ արդիւնք է այն քաղաքականութեան, որ գիւղը պէտք է ամէն գնով մաքուր պահուի, պէտք է Այնճարը շրջանի միւս գիւղերէն զատորոշուի, եւ ոեւէ մէկը, որ կու գայ, պէտք է մաքրութեամբ տպաւորուի: «Այնճարի մաքուր պահելը ուղղակի դաստիարակութիւն է, որ մեր աշակերտները կը սորվին դպրոցական տարիներուն», հաստատեց քաղաքապետը, որ նշեց նաեւ, թէ Այնճարի բարգաւաճման ծրագիրներն ու  ընթացիկ աշխատանքները զուգահեռ  կ՛ընթանան:

Այնճարի պատմականին ակնարկելով` Վ. Խօշեան ըսաւ, որ ֆրանսացիները Այնճարը կառուցած են արծուաձեւ յատակագիծով:

«Անոր գլուխը առաքելական եկեղեցին էր, որովհետեւ բնակչութեան 80 առ հարիւրն էր, իսկ թեւերը` կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներն էին: Անոնք գեղեցիկ կերպով բաժնեցին նաեւ հողատարածքը բնակիչներուն` Մուսա Լերէն Այնճար եկած 1089 ընտանիքներուն: «Օրին իւրաքանչիւր ընտանիք ստացաւ մէկ տուն` 400 քառ. մեթր տարածութեամբ, մէկ ջրարբի հող` 7000 քառ. մեթր տարածութեամբ եւ մէկ անջրդի հող` 4000 քառ. մեթր տարածութեամբ: Ուրեմն այդ բոլոր տուներն ու հողերը պէտք էր ջրել ակէն: Անոնք ջուրի ցանց մը շինելու այնպիսի ծրագիր մը ունէին, որ ջուրը ինքնահոս կերպով հասնէր բոլորին եւ պարտէզները ինքնահոս կերպով ոռոգուէին, եւ որովհետեւ այդ ծրագիրին իրագործումը ծախսալից էր, անոնք երաշխիք կ՛ուզէին, որ ջուրը այս շրջանի ժողովուրդին կը պատկանի: Այդ հիման վրայ ակը Այնճարին պատկանեցաւ: Պէտք է յիշատակել, որ Այնճարը Լիբանանի մէջ միակ գիւղաքաղաքն է, որ գրանցուած ակ ունի: Այդ ակը 1943-ին, Պշարա Խուրիի օրով, գրանցուած է յօգուտ Այնճարի բնակիչներուն` ֆրանսական պետութեան պահանջով», ըսաւ ան:

Այս պատճառով քաղաքապետարանը ունի ջուրի յատուկ յանձնախումբ, որոնցմէ մէկը ըմպելի ջուրի, իսկ միւսը ոռոգման նպատակով օգտագործուող ջուրի հարցերով կը զբաղի:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ ջուրին կողքին նոյնքան կարեւոր է Այնճարի ելեկտրականութեան յանձնախումբին աշխատանքը` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրական տագնապը: «Այս տագնապը լուծելու համար Այնճարի քաղաքապետութիւնը եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն միասնաբար կը գործեն. անոնք ելեկտրածին շարժակներու երեք կեդրոններ հիմնած են եւ բնակիչներուն կը տրամադրեն ելեկտրական հոսանք, երբ պետութեան տրամադրած ելեկտրականութիւնը անջատուած է: Օրական դրութեամբ նուազագոյնը 12 ժամուան ելեկտրականութիւն կը հայթայթենք բնակիչներուն: Այս աշխատանքը գիւղին մէջ ամէնէն կանոնաւոր աշխատանքն է, որովհետեւ ո՛չ ժողովուրդին պարտական է, եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր պարտական է: Իւրաքանչիւր ամսուան 5-ին հաշուեփակ կը կատարուի` առանց որեւէ հարցի:

Իսկ լիբանանեան պետութեան կողմէ ներկայիս տրուած այն որոշումը, որ ելեկտրականութեան բաժանորդագրութիւնը պէտք է հաշուիչներով կատարուի, Այնճարի մէջ կար ելեկտրածին շարժակներով ելեկտրականութիւն հայթայթելու առաջին օրէն իսկ: Այսինքն առաջին օրէն 20 ամփեր ելեկտրականութեան հաշուիչ յատկացուած է իւրաքանչիւր բաժանորդագրուողի, որ իր սպառածին համաձայն կը վճարէ իր ստացած ելեկտրականութեան համար», ընդգծեց ան:

Վ. Խօշեան նշեց, որ ելեկտրականութեան այս շահաւէտ ծրագիրէն ապահովուած եկամուտով կը լուսաւորուին գիւղաքաղաքի բոլոր խաչմերուկները, ինչպէս նաեւ անվճար ելեկտրականութիւն կը հայթայթուի լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերուն: «Այս բոլորին կողքին, այդ շահերէն անպայման ներդրումային ծրագիր մը կ՛ապահովուի գիւղաքաղաքին համար: Օրինակ` ՀՄԸՄ-ի մարզահամլիրը, որ արդիական չափանիշներով կառուցուեցաւ, այս ծրագիրէն երեք տարի շարունակ խնայուած եւ գոյացած 400 հազար տոլարի արդիւնքն էր, որ իր լրումին հասաւ իր բարերարներով», յայտնեց ան:

Վ. Խօշեան դիտել տուաւ, որ գիւղաքաղաք այցելողները դէպի ակի կողմը առաջնորդելու նպատակով քաղաքապետարանը վաճառատուներ եւ երկյարկանի տուներ սկսած է շինել, որպէսզի երիտասարդներուն կարելիութիւն ստեղծէ բնակարան ունենալու եւ գործելու: Ան աւելցուց, որ արդէն իսկ երեք համալիր շինուած է, աւելցնելով, որ այս ծրագիրին իրագործումը եւս ելեկտրականութեան հոսանքին բաժանորդագրութեան ընդմէջէն ապահովուած շահերուն արդիւնքն է:

Այնճարի բնակչութեան թիւին մասին քաղաքապետը ըսաւ, որ ձմրան ընթացքին 2800 մարդ կ՛ապրի Այնճար, իսկ ամրան թիւը կը հասնի 6000-ի:

«Այս մէկը կը մղէ քաղաքապետութիւնը` մշակելու շարք մը ծրագիրներ, որոնցմէ է` յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին 50 բնակարան աւելցնելու ծրագիրը` պէյրութահայ երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնք գան, իրենց ընտանիքը կազմեն, աշխատանքը Այնճար փոխադրեն եւ սկսին հոն ապրիլ. գիւղաքաղաքը պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ եւ իր հայկական դիմագիծը պահել», յայտնեց ան:

Վ. Խօշեան նկատել տուաւ նաեւ, որ Այնճարը կը յատկանշուի իր մաքուր կլիմայով, շեշտելով, որ Պեքայի մէջ Այնճարը կը զատորոշուի նաեւ այն իրականութեամբ, որ Այնճարի մէջ բերքը կոյուղիի ջուրերով չ՛ոռոգուիր, որովհետեւ Այնճարի երկրագործական աշխատանքի ցանցը լաւ կերպով պաշտպանուած է, հետեւաբար Այնճարի բերքը իր որակը կը պահէ:

«Սակայն Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Այնճարի բերքը կարելի չէ Ծոցի երկիրներ փոխադրել, հետեւաբար փորձեցինք ստեղծել համալիր մը, որպէսզի մեր հայրենակիցները կարենան իրենց բերքը սպառել` օգտագործելով Այնճարի զբօսաշրջական առաւելութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ քաղաքապետը հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նպատակով շաբաթական դրութեամբ վեց հազար օտար ընտանիքներ կ՛այցելեն Այնճար, ուր կը գտնուին` Օմայեատներու բերդը, տեսարժան վայրեր եւ ճաշարաններ:

«Այս այցելութիւններէն օգտուելու համար Այնճարի մուտքին շինեցինք համալիր մը` անգլիական դեսպանատան եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին հետ գործակցաբար: Ստեղծեցինք 21 վճառատուներէ բաղկացած շուկայ մը, ուր պիտի սպառին Այնճարի արտադրութիւնները, որոնք պիտի ընդգրկեն նաեւ պահածոներ, ձեռային աշխատանքներ, որոնք պիտի ընդգրկեն ոսկի եւ արծաթ զարդեղէններ: Քաղաքապետարանին որոշումով այդ վաճառատուներէն երկուքը պիտի տրամադրուին արցախեան գորգերու եւ հայաստանեան չիրերու վաճառքին: Այս շուկային բացումը պիտի կատարենք Անգլիոյ դեսպանին ներկայութեամբ», հաստատեց ան:

Քաղաքապետը նշեց նաեւ, որ նոյեմբեր 2018-ին Այնճար պատիւը ունեցած է յայտարարելու Ազգային զբօսավայր մը կառուցելու ծրագիրը, որ առաջինն է Լիբանանի մէջ: Ան նշեց, որ այս ծրագիրը պիտի իրագործուի «Եու. Էս. Էյտի եւ Էլ. Առ. Այ.» ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն հետ:

«Այս զբօսավայրը այցելողը պիտի կարենայ ամբողջ օր մը հաճելի ժամանց ունենալ նոր զբաղումներով: Ան պիտի անցնի գետէն, գիւղին մէջէն, պիտի հասնի բնապահապանական յատուկ լեռը, եւ բոլոր կարելիութիւնները պիտի տրամադրուին` յաջողեցնելու այս ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը պիտի տեւէ երեք տարի եւ պիտի արժէ 450 հազար տոլար: Այս ծրագիրը  Այնճարի մէջ նոր մթնոլորտ մը պիտի ստեղծէ», հաստատեց Վ. Խօշեան:

Հայաստանի եւ Արցախի հետ Այնճարի քաղաքապետութեան գործակցութեան մասին Վ. Խօշեան յայտնեց, որ օգոստոս 2018-ին Պեքայէն խումբ մը գործարարներ մեկնեցան Հայաստան` ներդրումներ կատարելու նպատակով: Ան նշեց, որ Հայաստան ուղղուած պատուիրակութեան մէջ կային գործարարներ, երեսփոխաններ եւ հոգեւորականներ` շրջանի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը:

«Անոնք շատ դրական տպաւորութեամբ վերադարձան Հայաստանէն եւ կայուն մթնոլորտի կը սպասեն, որպէսզի կատարեն իրենց ներդրումները», ըսաւ քաղաքապետը:

Անդրադառնալով Այնճարի եւ Կովսականի միջեւ ստորագրուած համագործակցական յուշագիրի ստորագրութեան, Վ. Խօշեան նշեց, որ 1 սեպտեմբերին ինք ուղղուած է Կովսական եւ Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ ամբողջական գրենական պիտոյքներով դպրոցական պայուսակներ նուիրած է շրջանի դպրոցի 180 աշակերտներուն:

Ան նշեց, որ այդ նուէրը բարձր գնահատուած է Կովսականի պատասխանատուներուն կողմէ:

«Իմ կեանքիս ամէնէն ազդեցիկ պահերէն մէկն էր տեսնել այդ երեխաները, որոնք  քալելով քարքարոտ ճամբաներէ կը հասնին դպրոց: Բայց եւ այնպէս անոնք կոկիկ են, մաքուր, ունին փայլուն աչքեր, որոնք կ՛արտացոլացնեն անոնց մաքուր սիրտն ու իմացականութիւնը: Հիանալի երեխաներ էին անոնք, զորս ես կեանքիս մէջ չեմ մոռնար», ընդգծեց քաղաքապետը:

Ան նշեց, որ Կովսականի հետ քոյր քաղաք հռչակուելու գաղափարը ծնած էր մարտին, երբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած էր Լիբանան:

Վ. Խօշեան դիտել տուաւ, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը Կովսականի մէջ ներդրումային հսկայ ծրագիրներ չի կրնար իրագործել, այլ քաղաքապետութիւնը իր կարելիութիւններով եւ միջոցներով, բարոյական ու ֆիզիքական ներկայութեամբ եւ փոխադարձ յարաբերութեամբ պիտի փորձէ օժանդակել Կովսականին:

«Մենք պիտի փորձենք Կովսականի բերրի հողին դարձեալ ծիլ տալ: Ծիլը կեանքի խորհրդանիշ է, եւ հոն պէտք է բնակեցում ըլլայ, եւ մարդիկ բազմանան: Համոզուած ենք, որ պէտք է հողագործութեան ճամբով տնտեսական կարելիութիւններ ստեղծել, որովհետեւ հոն կարելի է ապահով կեանք ստեղծել` հաւաքական ճիգերով: Համոզուած եմ նաեւ, որ եթէ մենք համազգային ճիգերով ու համագործակցութեամբ Արցախի մէջ յաղթեցինք թշնամիին եւ ազատագրեցինք մեր հայրենիքը, կը նշանակէ, որ մենք պէտք է ըլլանք երկրորդ փուլի ախոյեանները եւ այդ տարածքը բնակեցնենք ու շէնցնենք: Եթէ մենք այդ հողին համար մեր կեանքը տուինք ու նահատակուեցանք, ապա կրնանք նաեւ զայն շէնցնել: Արիւնը տուի՛նք, հիմա ժամանակն է, որ քրտինքը տա՛նք», շեշտեց ան:

Աշխատանքի հետեւողականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Խօշեան շեշտեց, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը Կովսական պիտի ուղարկէ հողամշակումի մասնագէտներ, որոնք կրնան ճշդել, թէ իւրաքանչիւր շրջանի հող ի՛նչ ցանքի համար յարմար է օգտագործելու: «Աշխատանք կը տարուի գիտական չափանիշներով իմանալու այդ բոլորը, եւ ապա սկսի ցանքի աշխատանքը, որուն պիտի յաջորդէ անասնաբուծութեան, չիրերու պատրաստութեան եւ գիւղատնտեսութեան կապուած բոլոր տեսակի աշխատանքներուն մէջ համագործակցութիւնը», ընդգծեց ան:

Վ. Խօշեան շեշտեց, որ ամրան ընթացքին քաղաքապետութիւնը Կովսականէն Այնճար պիտի հրաւիրէ քանի մը երեխայ, որպէսզի անոնք ծանօթանան իրենց լիբանանցի տարեկիցներուն, «իսկ Լիբանանի մէջ դպրոցներու փակուելէն ետք, լիբանանահայ երեխաներ պիտի ուղարկեն Կովսական, որպէսզի անոնք իրենց կարգին ծանօթանան իրենց արցախցի տարեկիցներուն: Մեզի համար կարեւոր է, որ յարաբերութիւնը շօշափելի ըլլայ եւ ոչ թէ` վերացական», շեշտեց Վ. Խօշեան: