Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Որեւէ Կտրուկ Փոփոխութիւն Պիտի Չըլլայ. Ռուբէն Ռուբինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ծիրէն ներս՝ առանց ժողովուրդի դրական վերաբերմունքին՝ որեւէ կտրուկ որոշում պիտի չի կայացուի:

 

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Յունուար 16-ին տեղի ունեցած ԱԺ նիստին այս մասին ըսած է ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեան:

 

«Մենք ունինք ուժեղ իրաւագիր, բայց մենք պիտի առաջնորդուինք Հայաստանի շահերով, ժողովուրդի որոշումներով: Ես կը վերահաստատեմ, որ պէտք է մերժել առանց ժողովուրդի դրական վերաբերմունքին որեւէ կտրուկ արտաքին քաղաքական որոշում կայացնելու քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Ռուբինեան:

 

Ան նաեւ անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրի շուրջ բանակցութիւններուն:

«Վարչապետը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին հետ կրնայ բանակցիլ Հայաստանի անունով, եւ ան պահած է այս տրամաբանութիւնը: Այն տպաւորութիւնը, որ Երեւանը պիտի հրաժարի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն, թիւր է, անոնք կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ: Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ առաջնային խնդիրը բանակցային ձեւաչափի շարունակականութիւնը ապահովելն էր: Երբ յեղափոխութեան ժամանակ մենք կը նշէինք, որ արտաքին քաղաքական քայլերուն մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ նկատի ունէինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահութեան ձեւաչափը»,- ըսած է յանձնաժողովի նախագահի թեկնածուն:

 

Ռուբինեանի խօսքով՝ Արցախեան հիմնախնդիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ կարեւոր, բովանդակային փուլ պիտի չի սկսի:

 

Նշենք, որ Յունուար 15-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման ազգային ժողովի 3 խմբակցութիւնները առաջադրեցին մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու թեկնածութիւնները: