2019-ն Պէտք Է Դառնայ Հայ Երիտասարդութեան Գաղափարականացման Տարի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նաթան Պետրոսեան

Անցեալ տարի(2018-ին) նշեցինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-ամեակը. երկու կարեւոր յոբելեաններ, որոնք պէտք էր առիթ ընծայէին գաղափարականացնելու եւ քաղաքականացնելու հայերիտասարդութիւնը:

Դժբախտաբար, սակայն, հայ երիտասարդութեան պէտք եղած չափով չներկայացուեցան Ա.  հանրապետութեան հիմքերը եւ անոր ղեկավար սերունդին (Ալեքսանդր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան, Արշակ Ջամալեան, Աւետիք Սահակեան, Կարօ Սասունի եւ Նիկոլ Աղբալեան) գաղափարաբանական վաստակը: Դժբախտաբար պէտք եղած չափով Ա. հանրապետութեան ազատութեան, արդարութեան ու համերաշխութեան արժէքները եւ անոնց համազգային խորհուրդը չհամահայկականացան եւ չդարձան ուղեցոյց`վերանորոգելու մեր ազգային-ազատագրական, ինչպէս նաեւ ներքին ճակատի վրայ` ընկերային-տնտեսական ազատագրութեան երթը: Արամ Մանուկեանը, իբրեւ հանրապետութեան հիմնադիր ու պետականութեան կերտիչ, նաեւ անկէ առաջ իբրեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործունեայ դէմք, պէտք եղածին չափ համահայկական յարգանքի չարժանացաւ:

Հրայր Մարուխեանի` իբրեւ 20-րդ դարու վերջաւորութեան հայ քաղաքական միտքին մէջ լուսաւոր փարոսի, կրած գաղափարները յաւուր պատշաճի չներկայացուեցան հանրութեան: Դժբախտաբար հայութեան մէջ «Ա. հանրապետութիւն», «Արամ Մանուկեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» մնացին լոկ անուններ, այլ ոչ թէ` գաղափարաբանական ուղեգիծ կրող երեւոյթներ:

Ներկայիս միայն ու միայն անուններ յիշելը չէ կարեւորը, այլ նաեւ` այդ դէմքերուն գաղափարական վաստակն ու ուղեգիծը: Անոնց տարած թէ՛ տեսական եւ թէ՛ գործնական աշխատանքները: Նոր սերունդը իրաւունքը ունի ճանչնալու թէ՛ Ա. հանրապետութեան գործիչներուն ու Արամ Մանուկեանի եւ թէ՛ Հրայր Մարուխեանի մտածելակերպերն ու գործերը:

Միայն բանախօսութիւնները, ճառախօսութիւնները կամ յօդուածագրութիւնները բաւարար չեն, այլ լուրջ աշխատանք պէտք է տարուի երիտասարդութեան գաղափարականացման եւ քաղաքականացման առումով:

Գաղափարական եւ քաղաքական դիմագիծ ունեցող երիտասարդութեան է, որ ապագային պիտի փոխանցուի ղեկավարութեան ջահը: Գաղափարական եւ քաղաքական դիմագիծ ունեցող երիտասարդութիւնն է, որ պիտի ստանձնէ ղեկավարութիւնը սերնդափոխութեան ժամանակաշրջանին:

Հայկական հասարակական կեանքին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց երիտասարդական թեւերը անմիջական կարիքը ունին նորերուն փոխանցելու իրենց տեսաբաններուն գաղափարներն ու գործերը: Կուսակցութիւնները կարիքը ունին պատրաստելու քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական մտածելակերպ ունեցող երիտասարդներ եւ ամէնէն կարեւորը`ապագայի տեսլական ունեցող երիտասարդութիւն մը, որ կը կրէ քննական միտք եւ կ՛ունենայ ընկերային-տնտեսական ուղղուածութիւն` գաղափարաբանական հիմքերէ մեկնելով:

Այս տարի մենք պիտի նշենք ՀՅԴաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովի(ուր  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի նպատակը որդեգրուեցաւ, ՀՅԴ-ն իր ընկերային-տնտեսական առաջադրանքները տեսականէն վերածեց գործնականի եւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը որոշուեցաւ) եւ ՀՅԴ-ի հիմնադիր Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) մահուան 100-ամեակները:

Զոյգ յոբելեանները լաւ միջոցներ են նախ նոր սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու Ռոստոմի տեսաբանական յօդուածագրութիւնները, ներկայացնելու Ռոստոմը` իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի գլխաւոր դէմք, ապա ամրապնդելու հայկական պետականութեան գաղափարը սփիւռքահայ երիտասարդին մէջ` կառչած մնալով ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան արժէքները իրականացնելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի պատգամը փոխանցելու սերունդէ սերունդ` իբրեւ մեր ազգային Դատի վախճանական նպատակ: