Մինչեւ 24 Միլիոն Դրամ Շրջանառութիւն Ունեցող Գործարարութիւնը Պիտի Ազատուի Հարկերէն

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտարարած է, որ մինչեւ 24 միլիոն դրամ շրջանառութիւն ունեցող գործարարութիւնը պիտի ազատուի հարկերէ:

Վարչապետը ըսած է, որ նոր Հարկային օրէնսգիրքը ուժի մէջ պիտի մտնէ խորհրդարանի կողմէ հաստատուելէն ետք:

«Որպէսզի պարզենք, թէ որ գործարարութիւնն է փոքր, պէտք է բոլոր ձեռներէցները հսկիցչ դրամարկղային մեքենայ տեղադրեն: Եթէ տարուան վերջը պարզուի, որ 24 միլիոն դրամէն ցածր է իր շրջանառութիւնը, ապա մենք անոր հետ ոչ մէկ հարց կ՛ունենանք» – ըսած է Փաշինեան` շեշտելով, որ պէտք է հաստատուի «ՀԴՄ-ական դիկտատորութիւն», երբ ՀԴՄ չտալը պիտի բացառուի:

Կառավարութիւնը մշակած է Հարկային նոր օրէնսգիրք: