ՀՀ Զինուած Ուժերու Մէջ Մահուան Ընդհանուր Դէպքերը 17 Տոկոսով Նուազած են

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու եւ ԱՀ ՊԲ-ի մէջ 2018-ի ընթացքին արձանագրուած է 63 զինծառայողի մահուան դէպք, որոնց 27-ը՝ ժամկէտային զինծառայող, 23-ը՝ պայմանագրային զինծառայող, 2-ը՝ ենթասպայ եւ 11 սպայ:

ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ 63 զինծառայողներէն 38-ի մահուան դէպքերը կապուած եղած են զինուորական ծառայութիւն անցնելու հետ, 25-ինը՝ տեղի ունեցած է զինուորական ծառայութեան հետ չկապուած հանգամանքներու մէջ:

 

Մասնաւորապէս՝ զինուորական ծառայութիւն անցնելու հետ կապուած մահուան դէպքերը՝ ըստ պատճառներու՝

 

7-ը՝ հակառակորդի կողմէ կատարուած սպանութեան հետեւանքով,
11-ը՝ անձնասպանութեան կամ անձնասպանութեան հասցնելու հետեւանքով,
2-ը՝ զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով,
3-ը՝ հիւանդութենէ,
1-ը՝ ականի պայթիւնէ,
1-ը՝ սպանութեան հետեւանքով,
3-ը դժբախտ պատահարէ,
6-ը՝ ծառայութեան հետ կապուած արկածներէ,
2-ը՝ մարտական ծառայութիւն կրելու կանոններու խախտման հետեւանքով,
2-ը՝ թռիչքներու կամ անոնց նախապատրաստման կանոններու խախտման հետեւանքով:

 

Զինուորական ծառայութիւն անցնելու հետ չկապուած 25 մահուան դէպքերը՝ ըստ պատճառներու՝

11-ը՝ ծառայութեան հետ չկապուած արկածներէ,
10-ը՝ հիւանդութենէ,
4-ը՝ դժբախտ պատահարներէ:

 

Համեմատութեան համար դատախազութիւնը կը նշէ, որ 2017-ի ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերու եւ ԱՀ ՊԲ-ի մէջ արձանագրուած էր 76 զինծառայողի մահուան դէպք, որոնց 56-ը՝ զինուորական ծառայութիւն անցնելու հետ կապուած, 20-ը՝ վերջինիս հետ չկապուած:

 

Համեմատական վերլուծութիւնը կը վկայէ, որ ԶՈւ-ի մէջ մահուան դէպքերը՝ նախորդ տարուան համեմատ՝ ընդհանուր առմամբ նուազած են 13-ով կամ 17 տոկոսով: Ի դէպ՝ կտրուկ՝ 18-ով կամ 32 տոկոսով նուազած են զինծառայութեան հետ անմիջականօրէն կապուած մահուան դէպքերը:

 

Փոխարէնը, ցաւալիօրէն, 2017-ի համեմատութեամբ 5-ով կամ 20 տոկոսով աւելի են զինուորական ծառայութեան հետ չկապուած մահուան դէպքերը:

 

2017-ի ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերու եւ ԱՀ ՊԲ-ի մէջ զինուորական ծառայութիւն անցնելու հետ կապուած մահուան 56 դէպքերը արձանագրուած էին հետեւեալ պատճառներով.

 

23-ը՝ հակառակորդի կողմէ կատարուած սպանութեան հետեւանքով,
10-ը՝ անձնասպանութեան կամ անձնասպանութեան հասցնելու հետեւանքով,
4-ը՝ զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով,
4-ը՝ հիւանդութենէ,
4-ը՝ ականի պայթիւնէ,
3-ը՝ սպանութեան հետեւանքով,
4-ը՝ դժբախտ պատահարէ,
4-ը՝ ծառայութեան հետ կապուած արկածներէ:

 

2017-ի ընթացքին զինուորական ծառայութիւն անցնելու հետ չկապուած 20 մահուան դէպքերը տեղի ունեցած են հետեւեալ պատճառներով.

1-ը՝ սպանութեան հետեւանքով,
5-ը՝ ծառայութեան հետ չկապուած արկածներէ,
12-ը՝ հիւանդութենէ,
2-ը՝ դժբախտ պատահարներէ:

 

Յատկանշական է, որ 2017-ի համեմատ 2018-ին աւելի քան երեք անգամ նուազած են հրադադարի խախման հետեւանքով հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն զոհուելու դէպքերը: