ԱԺ Նախագահի Տեղակալներ Ընտրուած են Լենա Նազարեանը, Ալեն Սիմոնեանը եւ Վահէ Էնֆիաջեանը

Հայաստան

7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ ընտրուեցան «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Լենա Նազարեանը (124 կողմ, 3 դէմ) ու Ալեն Սիմոնեանը (109 կողմ, 20 դէմ) եւ Վահէ Էնֆիաջեանը` «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութենէն: Վերջինիս օգտին քուէարկած է 108 պատգամաւոր, Մանէ Թանդիլեանի օգտին` 19 պատգամաւոր:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց յայտարարած է, որ իր խմբակցութեան ընտրութիւնը հիմնուած է յստակ քաղաքական սկզբունքի վրայ, եւ թէժ քննարկումներու արդիւնքով եկած են այն որոշումին, որ նախապատուութիւն տան այն ընդդիմութեան, որն աւելի մեծաթիւ է:

ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած է քաղաքական 3 ուժ. «Իմ քայլը» դաշինք, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները: ԱԺ փոխնախագահներէն մէկուն պաշտօնը Սահմանադրութեան համաձայն պէտք է տրուի ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն որեւէ մէկուն:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան երկու փոխնախագահներու թեկնածուներն էին Լենա Նազարեանն ու Ալեն Սիմոնեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան թեկնածուն Վահէ Էնֆիաջեանն էր, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան թեկնածուն` Մանէ Թանդիլեանը:

7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է Արարատ Միրզոյեանը: