Արցախի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Յունուար 16-24 Արցախի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկրի աւելի քան 100 ներկայացուցիչ եւ հրաւիրեալներ։

 

Ընդհանուր ժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 16-ին, ժամը 11-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ:

 

Ընդհանուր ժողովը պիտի քննարկէ ՀՅ Դաշնակցութեան նախորդ 4 տարիներու գործունէութիւնը, պիտի որոշէ կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութիւնն ու ընելիքները։

 

Ժողովի աւարտին պիտի ընտրուի կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմը:

 

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ

 

15.01.2019 թ