«Կրօնին Դերը Մետաքսեայ Ճամբուն Վերահաստատման Մէջ» Խորագիրով Խորհրդաժողով Լիբանանի Մէջ

Սփիւռք
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կիլիկիոյ Մէջ Հայ Եկեղեցին Կամուրջ Դարձաւ Արեւելքին Ու Արեւմուտքին Միջեւ»

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, 7 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մետաքսեայ ճամբուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը` «Կրօնին դերը մետաքսեայ ճամբուն վերահաստատման մէջ» խորագիրով:

Այս խորհրդաժողովը առաջին հանդիպումն է Չինաստանի Մինզու համալսարանի եւ Զուիցերիոյ «ԱԿԱԲԷ» հիմնարկին նախաձեռնած ուսումնասիրութեան: Ծրագիրը առաջարկուած է Չինաստանի կառավարութեան կողմէ եւ անոր նպատակն է քննել կրօններուն ազդեցութիւնը Մետաքսեայ ճամբուն առեւտրական յարաբերութեան վրայ: Նկատի ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ եկեղեցւոյ կապն ու շփումը բոլոր մշակոյթներուն հետ, նախաձեռնողները դիմած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ առաջարկած անոր հիւրընկալութիւնն ու մասնակցութիւնը նշեալ ուսումնասիրութեան ծրագիրին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2022: Համալսարանին եւ հիմնարկին մասնագէտներուն կողքին, սոյն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն եւ Ֆրանսայէն մասնագէտներ:

Արամ Ա. կաթողիկոս հանդէս եկաւ բացման նիստին եւ ներկայացուց Մետաքսեայ ճամբուն վրայ հայ եկեղեցւոյ ազդեցութեան ազդակները: Ողջունելէ ետք խորհրդաժողովին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առնելը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալու կողքին, երկխօսութեան եւ զանազան կրօններու հանդիպման վայր մը ըլլալու յատկութիւնները, որոնք տակաւին կը շարունակեն հայ եկեղեցւոյ վկայութեան մաս կազմել, նշեց ան: «Այս խորհրդաժողովին պիտի խօսինք եւ ներկայացնենք հայ ժողովուրդին առնչուածութիւնը Մետաքսեայ Ճամբուն հետ», յայտնեց ան: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մինզու համալսարանը ձեռնարկած է այս ուսումնասիրութեան, որպէսզի քննէ պատմական եւ ներկայի այն ոլորտներն ու արժէքները, ուր կրօնը կրնայ սատարել Մետաքսեայ ճամբուն վերստին գործունեայ դառնալուն` նկատի առնելով ներկայի կացութիւնը, իսկ կրօնը կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած է Մետաքսեայ ճամբուն վրայ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը: Նախ եւ առաջ խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ մարդոց ուղղուած առաքելութիւն մը ըլլալու մասին: Ապա, մանրամասնեց մշակոյթին եւ հաւատքին փոխյարաբերութիւնը, որուն շնորհիւ հոգեւորն ու ազգայինը երկխօսութեան մէջ մտնելով` հայ մշակոյթին կու տան հոգեւոր յատկութիւններ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ այլոց բացուելու կարողութեան ու հայ եւ այլ մշակոյթներու միջեւ կամուրջ մը հանդիսանալուն մասին:

Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց խօսելով բարոյագիտական արժէքներու եւ երկխօսութեան մշակոյթի ճամբով սոյն ծրագիրին նպաստելու մասին:

Բացման նիստէն ետք փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ ամփոփեց երկու օրերու վրայ երկարող ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Երկրորդ նիստով փրոֆեսէօրներ Քրիսթոֆ Սչուքլպրպր եւ Եու Պին ներկայացուցին իրենց նիւթերը:

Յայտնենք, որ այսօր խօսք պիտի առնեն Քլոտ Մութաֆեանն ու Ռեմոն Գէորգեանը եւ պիտի ներկայացնեն հայ ժողովուրդին կապը Մետաքսեայ ճամբուն հետ: