Յեղափոխութիւնը Կլանեց Սփիւռքի Նախարարութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Նոր Յառաջ»-ի խմբագրական

Ըստ վերջին լուրերուն՝ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պիտի ջնջուի սփիւռքի նախարարութիւնը, նոյնպէս՝ մշակոյթի նախարարութիւնը: Բազմաթիւ հակազդեցութիւններ հրապարակուեցան սփիւռքի նախարարութեան անհետացումին վերաբերեալ: Եթէ շատեր կը քննադատէին նախարարութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, քիչեր կը դժգոհէին անոր գոյութենէն: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հարցականի տակ առաւ այդ գոյութիւնը:

Արդարեւ, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան՝ Վահէ Սահակեանի հետ գործակցաբար հրապարակեց սփիւռքի քաղաքականութեան ռազմավարութեան նախագիծ մը, որ միաժամանակ նկատի առած է Սփիւռքէն չորս մտաւորականներու՝ Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռազմիկ Փանոսեանի, Արա Սանճեանի եւ Հրաչ Չիլինկիրեանի խորհուրդները: Սակայն, շատ պարզ է, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունէր Սփիւռքի հետ յետագայ յարաբերութիւնները մշակելու եւ զարգացնելու վերաբերեալ:

Մնալով յեղափոխութեան առանցքին վրայ, Փաշինեան կը մեկնի հիմնական հետեւեալ տեսակէտէն, որ Հայաստանցին Հայաստան ապրելով հանդերձ վերածուած է Սփիւռքահայու՝ անոր մէջ կոտրած ըլլալով յոյսը ապագային հանդէպ: Հետեւաբար հարկ է, որ Հայաստանի քաղաքացին դառնայ տէրը իր երկրին եւ նոյն տրամաբանութեամբ ալ՝ սփիւռքահայը: Փաշինեան բազմիցս արտայայտած է այն կարծիքը, որ ջնջուած է Հայաստանը եւ Սփիւռքը սահմանազատող անջրպետը, քանի որ սփիւռքահայը ունի կամ պիտի ունենայ այն նոյն հնարաւորութիւնը, որ ունի հայաստանցին: Պարզապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի սահմանները ջնջուած են: Բոլոր սփիւռքահայերը կ՛ընկալուին արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացիներ:

Փաշինեան նման կարծիք յայտնած էր Փարիզ այցելութեան ընթացքին, երբ համայնքին հետ հանդիպումի ատեն ան ներկաներուն դիմեց՝ իբրեւ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ: Եւ երկարօրէն հիմնաւորեց հանրութեան դիմելու իր այս ձեւը, ըսելով որ սփիւռքահայը Սփիւռքէն մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ յեղափոխական շարժումին նոյնքան որքան Հայաստանի ժողովուրդը, գիշեր-ցերեկ հետեւելով անցուդարձերուն, հոգեպէս գօտեպնդելով ժողովրդական շարժումը, հեռակայ ձեւով իր զօրակցութիւնը յայտնելով, Սփիւռքի մէջ վերագտնելով իր հայ քաղաքացիի ապրումները:

Մնալով Փաշինեանի պատկերացումներու սահմանին մէջ, այո՛, կարելի է համաձայնիլ իր հետ, որ արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացին պէտք չունի սփիւռքի նախարարութեան: Անոր մէջ Հայաստանի հետ կապը կը մնայ պորտային, օրկանական: Թէեւ արտասահման ծնած երկրորդ սերունդը արդէն բոլորովին կը տարբերի գաղթական սերունդէն: Եւ ո՜ւր մնաց արեւմտահայ սփիւռքահայը, որ ընկերամշակութային, լեզուական եւ ընտանեկան հսկայական տարբերութիւններու տէր է:

Յեղափոխութեան տրամաբանութեան մէջ մնալով՝ Փաշինեան կ՛ապաւինի հայութեան մէջ ներուժի արթնութեան, կը հաւատայ յեղափոխութիւն կատարած ժողովուրդին ներուժին վարակիչ յատկութեան: Սփիւռքը կը դիտէ յեղափոխութեան ակնոցով, մէկ պարունակի մէջ, առանց սահմանազատելու աւանդական Սփիւռքն ու սփիւռքացումի ենթակայ գաղթականները:

Յեղափոխութեան տրամաբանութիւնը կը մնայ հայաստանակեդրոն: Ան հեռու է սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հրապարակած ռազմավարական նախագիծին տրամաբանութենէն: Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարժի Փաշինեանի պատկերացումներով: Օրը կու գայ երբ քաղաքական իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ նոր հրամայականներով:

Այլապէս, ինչպէս որ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը կատարուեցաւ առանց սփիւռքահայութեան կարծիքը առնելու, նոյնպէս անոր անհետացումը կը կատարուի զանցելով այդ քայլը:

 

Ժ. Չ.