Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքը

Սփիւռք

Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու հայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: