Տեղի Ունեցաւ Գաւառի Պետական Համալսարանի Յոբելեանական Գիտաժողովը

Հայաստան

Այսօր Գաւառի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի ամենամեայ` 21-րդ գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Գաւառի պետական համալսարանի հիմնադրման 25-րդ տարեդարձին:

Գիտաժողովին մասնակցեցան ութսունէ աւելի հեղինակներ եւ համահեղինակներ Գաւառի պետական համալսարանէն եւ Հայաստանի տարբեր համալսարաններէ ու գիտահետազօտական հիմնարկներէ: Զեկուց մը ներկայացուած էր նաեւ Արցախի պետական համալսարանէն:

Մասնակիցներուն ողջունեց ԳՊՀ հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ Հրանոյշ Յակոբեան: Տիկին Յակոբեան ներկայացուց զեկուցում` ‹‹Սպիտակի երկրաշարժի դասերը․ վերլուծութիւն երեսուն տարի անց›› թեմայով եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

ԳՊՀ տնօրէն Ռուզաննա Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն եւ կարեւոր համարեց կրթութեան ու գիտութեան օրգանական կապը, դասախօսներու գիտահետազօտական գործունէութիւնը եւ գիտական արդիւնքի կիրառումը ուսումնական գործընթացին մէջ:

Տիկին Յակոբեան հանդէս եկաւ զեկուցումով ‹‹Կրթութիւնը որպէս բազմաչափ հասկացութիւն›› թեմայով` անդրադառնալով կրթութեան փիլիսոփայական, պատմական, ընկերային եւ իրաւական հիմքերուն, ինչպէս նաեւ արդի կրթական համակարգի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն:

Լիագումար նիստէն ետք գիտաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան բնական եւ մարդասիրական գիտութիւններուն վերաբերող վեց մասնագիտական բաժանմունքներու մէջ: