Փաշինեանը Փութինի Հետ Քննարկումներուն Ընթացքին Մշտապէս Բարձրացուցած է Ռուսիոյ Կողմէ Ատրպէյճանին Վաճառուող Զէնքի Հարցը. Արման Եղոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան անդրադարձած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ ինչու Նիկոլ Փաշինեանը Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցը չի բարձրացներ նաեւ Ռուսիոյ առջեւ: Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Եղոյեան ըսած է.

«Անդրադառնալով պարոն Լուքաշենքոյի յայտարարութեանն՝ անհրաժեշտ կը համարեմ ընել քանի մը կարեւոր արձանագրութիւն:

Դժբախտաբար, պարոն Լուքանշենքոն կը շարունակէ փակ հանդիպումներու բովանդակութիւնը հրապարակելու փորձը:

Դժբախտաբար, պարոն Լուքաշենքոն հերթական փակ հանդիպումէն հրապարակած է միայն ա՛յն, թէ ինչ ըսած է ինքը եւ չէ հրապարակած ա՛յն, թէ ինչ պատասխաններ ստացած է ՀՀ վարչապետէն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահի հետ քննարկումներուն ընթացքին մշտապէս, նաեւ պարոն Լուքաշենքոյի յիշատակած հանդիպումին ընթացքին մասնաւորապէս, բարձրացուցած է Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող զէնքի խնդրահարոյց հարցը:

Հայաստանը տրամադրուած է շարունակելու քննարկումները ՀԱՊԿ ծիրէն ներս՝ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու փոխադարձ դաշնակցային պարտաւորութիւններու լիարժէք կատարումը ապահովելու ուղղութեամբ»: