Ոստիկանները Մեկնեցան Մարտական Դիրքեր

Հայաստան

Ոստիկանութեան զօրքերու 1033 զօրամասի բակին մէջ կանգնած ոստիկանները ժամեր անց կրկին սահման կը մեկնին` պահելու մարտական դիրքը: Անոնց ճանապարհելու հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղաւ ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը:

Ան բարի ծառայութիւն մաղթեց զինծառայողներուն եւ նշեց, որ զօրախումբը արդէն երկրորդ անգամ կը մեկնի սահման եւ ինչպէս այն ժամանակ, այս անգամ ալ պատուով պիտի վերադառնայ:

Աւանդոյթի համաձայն՝ սահման մեկնելէ առաջ ոստիկանները երդուեցան եւ աղօթեցին:

1033 զօրամասի ոստիկանները մեկնեցան, իսկ 1032 զօրամասի ոստիկանները մարտական առաջադրանքը փայլուն կատարած` վերադարձան, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն: