Մարմնամարզիկներ Դաւթեան եւ Խաչատրեան Մետալներ Նուաճած են Վորոնինի Բաժակի Խաղարկութեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի երկու ներկայացուցիչները կրկին մետալներ նուաճած են Վորոնինի բաժակի խաղարկութեան:

Ըստ Armenpress.am-ի` Արթուր Դաւթեան առաջին հորիզոնականին յայտնուած է նժոյգաթափերու վրայ, արծաթէ մետալակիր դարձած է օղակներու վարժութեան եւ պրոնզի արժանացած է ազատ վարժութեան մէջ:

Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ Գագիկ Խաչատրեան նժոյգթափերու երիտասարդներու մրցաշարին նուաճած է ոսկի մետալ: