Աննա Յակոբեան Ժընեւի Մէջ Ներկայ Եղած է Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 14-ին, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան՝ Ժընեւի Սեն Ժերմէն եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած համերգին:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ համերգը կազմակերպած էր Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ դեսպանատունը: Իր խօսքին մէջ Աննա Յակոբեան շեշտած է, որ համերգը առիթ է ոչ միայն զոհերու յիշատակը յարգելու, այլ մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն յայտնելու աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք այդ ծանր օրերուն կանգնեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին: «Զուիցերիան Հայաստանի մեծ բարեկամն է եւ ինչպէս իսկական բարեկամ, երկրաշարժի օրերուն բոլոր հնարաւոր միջոցներով օգնութեան ձեռք մեկնեց մեզի: Ինծի համար շատ յուզիչ եւ տպաւորիչ էր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անահիտ Յարութիւնեանի պատմութիւնը, որուն կեդրոնը հայ համայնքի յայտնի եւ յարգուած անձնաւորութիւն Մայք Պարոնեանն է: Այդ տարի, երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Մայք Պարոնեան երբ քալելով կ՝անցնի Զուիցերիոյ քաղաքներէն մէկուն Շաֆհաուսի փողոցներէն մէկէն՝ կը նկատէ մարդու մը ձեռքին փոքրիկ ցուցանակ մը: Մօտենալով կը տեսնէ, որ ցուցանակին վրայ գրուած է «Օգնեցէք Հայաստանին»: Այնքան շատ բան կայ այս պատմութեան մէջ, եւ մենք այնքան շնորհակալ ենք Զուիցերիոյ ժողովուրդին այս վերաբերմունքին համար»,- ըսած է Աննա Յակոբեան՝ նշելով, որ ինչպէս երկրաշարժի օրերուն, այնպէս ալ անկէ ետք, Զուիցերիոյ օժանդակութիւնը եղած է անգնահատելի: Աննա Յակոբեան նշած է, որ այսօր աշխարհը բարութեան, մարդասիրութեան, զիրար սիրելու եւ օգնելու կարիք ունի աւելի քան երբեւէ: «Այսօր ալ, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը տառապին ցեղասպանութիւններու հետեւանքով, պատերազմներէ եւ տեղահանութիւններէ եւ, դժբախտաբար, մարդկութիւնը աւելի ու աւելի սառնասրտօրէն կը վերաբերի այս փաստին: Երկրաշարժի երեսուներրորդ տարելիցը, թերեւս, այն առիթն է, որպէսզի մենք բոլորս մէկ անգամ կանգ առնենք եւ մտածենք ի՞նչ կ՝ընենք»,- ըսած է տիկին Յակոբեան:

Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անահիտ Յարութիւնեան, իր հերթին, փաստած է, որ երկրաշարժէն ետք տեղի ունեցած համամարդկային միասնութիւնը մարդասիրութեան իւրօրինակ արժէք էր, համամարդկային միասնութեան եւ պատասխանատւութեան ճշմարիտ օրինակ: «Յաղթահարել այդ աղէտը պիտի ըլլար շատ աւելի բարդ առանց միջազգային հանրութեան աջակցութեան: Զուիցերիան եւ զուիցարիացի ժողովուրդը եղած են  այդ աջակցութեան առաջատարը»,- նշած է Անահիտ Յարութիւնեան:

Համերգին՝ թաւջութակահար Ասդրիտ Սիրանոսեանի, քանոնահար Նարեկ Գազազեանի եւ  դաշնակահար Արտաւազդ Խաչատրեանի կատարումով՝ հնչած են Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները: Համերգը եզրափակուած է «Քեզ համար Հայաստան» երգով: