Ռուսիան 226 Թոն Թրքական Մանտարինն ու Նարինջը Սահմանէն Ետ Ուղարկած է

Աշխարհ

Ռուսիոյ Դաշնութեան գիւղատնտեսական վերահսկողական ծառայութիւնը` «Ռոսսելխոզնատզոր»-ը, սահմանէն ետ ուղարկած է Թուրքիայէն ներկրուած 226 թոն նարինջը եւ մանտարինը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Պատճառը այն է, որ Թուրքիայէն Ռուսիա հասած խմբաքանակին մէջ յայտնաբերուած է միջերկրածովեան վնասատու միջատ: Յայտնի է, որ վնասատուն կրնայ յարմարիլ Ռուսիոյ հարաւի կլիմային ու տարածուելով մեծ վնաս հասցնել տեղի այգիներուն:

«Ռոսսելխոզնադզոր»-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ նմանատիպ դէպքեր վերջին ժամանակներս յաճախակի կը կրկնուին Թուրքիայէն ներկրուող ապրանքներու խմբաքանակներուն մէջ։

Այդ իսկ պատճառով՝ ռուսական կողմը, Դեկտեմբեր 5-էն սկսեալ, նախապէս յատուկ ստուգման կ՝ենթարկէ Թուրքիայէն ներկրուելիք գիւղատնտեսական արտադրանքը, մասնաւորապէս՝ կիտրոնական պտուղները։