7 Դեկտեմբերի Երկրաշարժի 30-Ամեակ. Գիտե՞ս` Ի՛նչ Կը Նշանակէ Փլատակներուն Տակէն Ձայներ Լսել Ու Անզօր Ըլլալ Անոնց Հասնելու Ու Կեանք Փրկելու

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նորա Բարսեղեան

Նստած է դիմացս… աչքերը կ՛ուղղէ մերթ առաստաղին, մերթ ուղղակի աչքերուս…

– Աղջի՛կս, կեանքը առաջին անգամ չէ, որ այսպիսի մարտահրաւէր կը կարդայ մեզի, այս քննութենէն առաջին անգամ չէ, որ կ՛անցնինք մենք. մենք նաեւ մեր պապերուն ճամբով մեր դասը շատ լաւ սորված ենք, հմուտն ու մասնագէտը դարձած ենք այս բնագաւառին…

Կը լռէ պահ մը, կը մօտենայ ինծի, ձեռքս կ՛առնէ ձեռքերուն մէջ ու կը շարունակէ.

– Գիտե՛ս արդէն, որ իմ ծնողքս հայրենադարձութեան ատեն Պէյրութէն Հայաստան եկան, իսկ կարճ ժամանակաշրջան մը մայրաքաղաք մնալէ ետք փոխադրուեցանք Վանաձոր, որ այդ օրերուն Կիրովական կը կոչուէր: Արդէն հասկնալի պէտք է ըլլայ քեզի, թէ ի՛նչ կ՛ուզէի ըսել, որ այս փորձառութիւնը առաջինը չէր մեզի համար: Մահուան դէմ պայքարը երեք յաջորդական անգամներ մղած ենք մենք` տարբեր ժամանակներու, տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր տարողութեամբ եւ տարբեր ձեւերով: Տէր Զօրի անապատներուն հողը եւ իրենց սիրելիներուն արեան հոտը իրենց հետ շալկած, ցաւին ու արհաւիրքի ամէնէն ահաւորը կրած մեր պապուկներուն համար եւս կեանքը արդէն աւարտած էր. թերեւս աներեւակայելի ու անհաւատալի կը թուէր շատերուն, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր սարսափին քաջատեղեակ մարդոց, որ այդ բոլորը տեսած մարդիկ կրնան վերապրիլ, իսկ վերապրելէ ետք` շարունակել ուղին, կրկին կերտել, կրկին շինել, կրկին հաւատալ ու հաւատք սփռել: Ես անապատէն եկած պատմութիւնը այս ականջներով լսած եմ, աղջի՛կս, այս աչքերով տեսած եմ արցունքին գլորումը մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն այտն ի վար…

Ցոյց կու տայ ականջները եւ աչքերը: Կը լռէ պահ մը` մէկ ձեռքով ականջը, իսկ միւսով աչքերը ծածկելով: Չեմ խօսիր, թէեւ կ՛ուզեմ գրկել զինք, սակայն զգալով, որ կրնամ իրեն մեղքցած ըլլալ, իսկոյն ինքզինք կը վերագտնէ, կը փորձէ ծածկել արցունքները, չի նայիր ինծի, այլ… իր մեծ հօր ու մեծ մօր…

– Այս բոլորը պատմելէ ետք, սակայն, իրենք կը սրբէին իրենց արցունքները եւ կ՛ուսուցանէին վերապրում, ոչ մէկ ձեւով կ՛ընդունէին, որ մէկը թերաւարտ մնայ այս մասնագիտութեան մէջ. աւելի՛ն, անոնք համալսարանական մակարդակի կը հասցնէին այս դասընթացքը: Աղջի՛կս, իրենք ցաւէն ուժ առած էին, մեր նահատակներուն կորովով ամրապնդուած էին, սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ այդ կորովը, բայց թերեւս անոր տարողութիւնը քիչ մը նուազեցաւ, որովհետեւ անապատէն եկած հողը չմնաց` կ՛երեւի… չեմ գիտեր: Յաղթահարեցինք առաջինը, ամէնէն դաժանը` վստահաբար, վերապրեցանք, վերածաղկեցանք, ճիւղաւորուեցանք, մենք մեզ գտանք եւ սկսանք հայրենիքի սրբազան երազներ փայփայել: Չկայ սփիւռքահայ մը, որ այդ երազով օրօրուած չըլլայ: Սկսանք լսել շշուկներ, որ սփիւռքահայութիւնը Հայաստան պիտի տանին… ա՜խ Հայաստան, Հայաստա՛ն, աղջի՛կս, Հայաստա՜ն… Ամէն մարդ կը սպասէր իր ծնողներուն որոշումին, բոլորը կը մաղթէին, որ դրական ըլլայ անոնց տրամադրութիւնը, եւ իրենք Հայաստանը տեսնէին, անոր անուշ ջուրը խմէին եւ շնչէին օդը` հայրենի օդը…

Կանգ կ՛առնէ պահ մը, այս անգամ նաւուն վրայ է` կարծէք, կը հեռանայ պահ մը, ապա կրկին ինծի հետ է, նաեւ կան իր ծնողները…

– Եկանք, նաւով բերին մեզ, Հայաստան բերին, նաւէն իջանք, ծունկի եկանք, հայրենի հողը համբուրեցինք, լացինք… Այդ պահուն չգիտցանք, որ մեր կամքով ու ներքին մղումով մեր ծունկի գալը տեսած խորհրդային կարգերու ղեկավարներն ու գործավարները պիտի փորձեն յաւերժ մեզ ծունկի բերել եւ յաւիտեան լացնել: Դիւրին չէր հայրենիք գալը, աժան չէր հայրենի հողին վրայ կանգնելու եւ օդը շնչելու գինը, որովհետեւ անոնք բռնագրաւուած էին, հայրենիքը կ՛ուզէր մեզ իր գիրկը առնել, բայց կ՛արգիլէին անոր, կը հարուածէին զայն… եւ մեզ… Սփիւռքի մեր հարազատները մեզմէ` երանելիներէս, նամակներ կը սպասէին, կը գրէինք անոնց` ծածկագիր լեզուով եւ կը հասկցնէինք, որ հոս գիշերները մութ եւ երկար են, իսկ ցերեկները` նոյնքան մութ ու ցուրտ… Անցաւ, այդ ալ անցաւ, նորէն դիմացանք, բնականաբար այս մէկը չես կրնար թուրքին ըրածին հետ բաղդատել, բայց քեզի այս բոլորը կը պատմեմ, որպէսզի տեսնես հայուն վերապրելու եւ մահուան դէմ անվերջ պայքար մղելու կամքը: Առաջին երկու մարտահրաւէրները մարդոց կողմէ ուղղուած էին մեզի, երրորդը` բնութեան: Եւ նոյն բնութիւնը, որ մեզ հարուածեց, նաեւ կամքը պիտի տար դիմանալու:

Շունչ կը քաշէ, խո՜ր շունչ, կը նստի կողքիս եւ կը նայի ինծի.

– Այսօրուան պէս կը յիշեմ դեկտեմբեր եօթն, անիկա անջնջելի կերպով փորագրուած է մտքիս ու սրտիս մէջ: Բնական օր մըն էր, սովորական առաւօտ մը, սակայն սովորական չէր անոր աւարտը: Մեր մեծերը կ՛ըսէին` երկար-բարակ ծրագիրներ մի՛ մշակէք, շատ մի՛ յոգնեցնէք դուք ձեզ, կեանքը եւ օրերը իրենց հետ կը բերեն այն, ինչ որ պիտի բերեն արդէն, նոյնիսկ եթէ դուք հակառակը ուզած էք եւ` անոր համար աշխատած:

Կը փոքրանան աչքերը, կը խոժոռի դէմքը. կարծէք` կ՛ուզէ հեռուները նայիլ եւ շատ բան տեսնել.

– Զօրաւոր էր ցնցումը եւ անսպասելի… Հոս դեռ քիչ մը աւելի լաւ է` Գիւմրիի հետ բաղդատած, հոն… վա՜յ, վա՜յ… գետինը մարդ կուլ տուաւ: Աշխատանքի մէջ էինք, երբ երկրաշարժը ցնցեց մեզ եւ շէնքը ամբողջութեամբ, ոչ ոք գիտցաւ, թէ ի՛նչ կը պատահի, ցնցումին հետ ուժգին ձայներ կը լսուէին, շէնքեր փուլ կու գային, կիներ կը ճչային, մանուկներ կու լային, մարդիկ  կը գոռային… Ա՜խ, ա՜խ…

Կ՛արցունքոտին աչքերը, ա՛լ չի կրնար պահել զանոնք: Չեմ ուզեր պատճառ ըլլալ անոր տխրութեան ու ցաւի վերանորոգման, մէջէս քաղաքավարութիւն մը կ՛ուզէ անոր ըսել, որ դադրի պատմելէ, որ չեմ ուզեր հարցումիս պատասխանը ստանալ, բայց նոյն ատեն բան մը կը կապէ լեզուս, կ՛ուզեմ, որ կիսով ալեհեր հարազատս շարունակէ իր պատմութիւնը.

– Գիտե՞ս` ի՛նչ կը նշանակէ փլատակներուն տակէն ձայներ լսել ու չունենալ ուժը այդ քարակոյտերը մէկդի նետելու եւ մարդ ազատելու, գիտե՞ս… Գիտե՞ս` ի՛նչ կը նշանակէ դիակներով շրջապատուած ըլլալ եւ մտածել, որ անոնց մէջէն քու զաւկիդ վախով ուրուագծուած դէմքով դիակը կրնայ «ողջունել» քեզ, գիտե՞ս…

Կարծես` կ՛այպանէ զիս, կ՛այպանէ աշխարհը, բնութիւնն ու զիս, որ հարցապնդած էի զինք. «Քեռի՛, երկրաշարժէն ի՞նչ կը յիշես»:

Յանկարծ կը մօտենայ ու կը գրկէ զիս.

– Գիտե՞ս նաեւ, որ մարդ որքա՛ն շնորհակալ պէտք է ըլլայ աշխարհին, որ իր ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ իրեն օժանդակողներ ունեցած է, դուն անոնց հոտը ունիս, անոնց արմատներէն ես…

Կը սեղմէ զիս կուրծքին, կը սկսի արտասուել, նաեւ` ես…

– Դեռ մենք լաւ ենք, աղջի՛կս,- կը շարունակէ ան` քիչ մը հեռանալով,- մենք զաւակ չկորսնցուցինք, մեզի միայն նիւթական վնաս հասաւ. այո՛, սիրելիներ կորսնցուցինք, բարեկամներ, բայց Աստուած խնայեց մեզի զաւկի կորուստը, այդ ցաւը տարբեր է, տարբե՜ր… Բայց ահաւոր օրեր ապրեցանք, անտուն, անօթի, անպատսպար, բայց դասը սորված էինք, չէ՞, հին ու մնայուն կերպով նորոգուած դասը պէտք է յիշել միայն, որպէսզի կրկին ոտքի ելլես, նորէն շինես, կերտես, ապրիս ու ապրեցնես: Երեւանէն գալու ատեն ճամբուդ վրայ անցար արդէն երկրաշարժի հարուածը կրած շրջաններէն, տեսար, չէ՞, մարդիկ կրկին ոտքի են, շինած են, կերտած են, կ՛ապրին, վերջ ի վերջոյ հայ են, չէ՞… հա՛յ են… Օրին շատ ցուրտ էր, բայց  մարդիկ դեկտեմբերին, զերոյէ վար ջերմաստիճանին փողոցները մնացած էին, մանաւանդ` Գիւմրիի մէջ, հոն ամէն ինչ փլատակ եղած էր, գացի նայելու, գացի իմ բարեկամներուս եւ հարազատներուս մասին տեղեկութիւն առնելու, գացի անոնց մահը ողբալու, գացի ու տեսայ, այս աչքերովս տեսայ եւ այս ականջներովս լսեցի… ողբ, ցաւ, ճիչ, տնքոց… պատմելու բան չէ, աղջի՛կս, պատմելու բան չէ… Կարեւորը` այսօր տուն ունի ամէն մարդ, ցուրտին փողոցը չենք, թաղած ենք մեռելները, ծածկած ենք վէրքը` բարակ վիրակապով, որովհետեւ չենք ուզեր անոր անհետացումն ու ամբողջական սպիացումը, կարծես ան մեր կորսնցուցած սիրելիներուն յիշատակն է, զոր կը կրենք մեզի հետ… անապատէն եկած փոշիին ու նահատակներու արեան հոտին նման, իւրաքանչիւրը իւրաքանչիւր հանգրուանի կորով կու տայ ապրելու, հաւատալու` աւելի լաւ ապագայի եւ պայքարելու: Դասը անգիր ըրած ենք եւ երեք անգամ ալ` աստուածային քննութեան ներկայացած:

Կը լռէ, ա՛լ չի խօսիր քեռիս…

Վանաձոր ապրող Սահակ քեռիս է` մօրս հօրեղբօրորդին, որ մեր առաջին տեսակցութեան խնդրեց, որ զինք քեռի կոչեմ:

Սահակ քեռին պատմեց, լացաւ ու պատգամեց…

Հրաժեշտի պահուն ջերմօրէն գրկեց ու խնդրեց, որ երբ կրկին Հայաստան գամ, նորէն իրեն այցելեմ…

– Կը սպասեմ, – ըսաւ ու կրկին գրկեց արցունքոտ աչքերով` կարծեմ գիտնալով, որ կրկին պիտի չհանդիպինք…

Չսպասեց Սահակ քեռին, բայց իմ հարցումիս պատասխանելով` ան իր «մասնագիտութենէն» բաւական լաւ դաս մը տուաւ… եւ իսկական մարդու կերպարով փորագրուեցաւ մտքիս ու սրտիս խորը…

Շատ լսած էի վանաձորցի մեր ազգականներուն մասին, անոնցմէ եկած նամակները կը կարդային մեծերը, իսկ ես խաղացած ատենս ականջ կու տայի անոնց եւ կը լսէի ընտանիքիս զրոյցները անոնց մասին` միշտ դրական, գուրգուրանքով ու սիրով լեցուն: Հաւանաբար այդ պատճառով է, որ լուռ, բայց խոր սէր մը կար երկրաշարժի ականատես եղած մեր այդ ազգականներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ 7 դեկտեմբերի երկրաշարժը շատ մեծ ցնցում յառաջացուցած էր մէջս: Անկարելի է մոռնամ այդ օրը, պատկերասփիւռին դիմաց գամուած  պատանիներս, դաժան պատկերները տեսնելով, մանուկներուն կապտած ձեռքերուն դողը նկատելով` անոնց հետ մե՛նք ալ դողացինք ու լացինք, մինչ ռումբերը կը հարուածէին Պէյրութն ու շրջակայքը: Պահ մը մոռցանք մեր մտահոգութիւնն ու վախը, նայեցանք իրարու եւ չկրցանք խօսիլ, սակայն բոլորին աչքերուն մէջ արցունք կար, ցաւ կար, կարեկցանք կար` հանդէպ մեր եղբայրներուն, որոնք ձիւնի կոյտերուն վրայ «կը հանգչէին»` անկարող ոտքի ելլելու, մայրեր իրենց արցունքներու տաքութեամբ կը փորձէին ջերմացնել իրենց ողջ մնացած զաւակներուն մսած ձեռքերն ու շրթները, ուրիշներ իրենց անշնչացած որդիներուն շունչ ու կեանք տալու պայքարի մէջ էին:

Այդ պատկերները մտքիս ու սրտիս մէջ` առաջին առիթին ուզեցի երթալ եւ փնտռել վանաձորցի ազգականներս, մօրս հարազատները: Վախ կար մէջս ու անձկութիւն… պիտի երթայի հոն, փլատակներուն վայրը, ահաւոր աղէտի շրջանը, արդեօք ի՞նչ պիտի տեսնէի, իսկ Սահակ քեռիս ու ընտանիքը արդեօք ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէին զիս: Հազիւ Վանաձորի հրապարակ հասած` յուզումն ու ուրախութիւնը միաձուլուեցան մէջս, փլատակներ չկային, մարդիկ սովորական կեանք կ՛ապրէին, երկրաշարժը ահաւոր տխրութիւն փորագրած էր անոնց սրտերուն մէջ եւ դէմքերուն վրայ, բայց կեանքը կը շարունակուէր: Իսկ Սահակ քեռին… այսօրուան նման կը յիշեմ, քիչ մը զառիվերի վրայ կը գտնուէր անոնց տունը, զոր գտանք քիչ մը փնտռտուքէ ետք… Մինչ քիչ մը դանդաղ կը բարձրանայինք, երեւցաւ ան` իր եղբօրը հետ, դրան առջեւ կանգնած էր ու այնքան մեծ սիրով եւ կարօտով կը նայէր իմ կողմս…

Սահակ քեռի՛, պիտի չմոռնամ որքա՜ն ջերմութեամբ գրկեցիր զիս, որքա՜ն երկար լացինք, որքա՜ն մեծ սէր կար այդ պահուն մոլորակի կէտին վրայ, ուր կանգնած էինք երկուքս, նաեւ մեր շուրջը` մեծ մօրս, մօրս եւ քու Լիբանանի հարազատներուդ սէրը բերած էի ինծի հետ, իսկ դուն` հայրենադարձութեան դաժան փորձառութիւնն ու երկրաշարժի տառապանքը ապրած, սակայն կրկին վերապրած, տակաւին մեծ սիրով ու գուրգուրանքով լեցուն մարդուն տիպարը եղար ինծի համար…