Ողջունելի Բանավէճ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբերին Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն ուղիղ հեռարձակումով սփռուեցաւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն մասնակից կուսակցութիւններու, դաշինքներու ցուցակներուն առաջին թիւերը ներկայացնող 11 թեկնածուներուն միջեւ տեղի ունեցած պատկերասփիւռային բանավէճը:

Աւելի քան երեք ժամ տեւող այս բանավէճը առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Տեսնել բոլոր ուժերու ներկայացուցիչները դէմ առ դէմ, հանգիստ խօսակցութեան ու զիրար մտիկ ընելու դրական մթնոլորտի մը մէջ, առողջ վիճակի եւ ոստումի մը մասին կը խօսէր հայաստանեան  քաղաքական մշակոյթին մէջ:

Այս երեւոյթը դրական էր քանի մը պատճառներով.

Ա) Նուաճում մըն էր  խօսքի ազատութեան իմաստով ու կը հաստատէր, որ փակուած է անկախութեան առաջին տարիներու խօսքի ու գործունէութեան ազատութիւնը կաշկանդող էջը: Յատկապէս կուսակցութիւններու կեդրոններ փակելու, անոնց լրատուական գրասենեակները ներխուժելու ու տպագրական գործիքներն իսկ ջարդուփշուր ընելու ամօթալի մշակոյթը: Ու սա առաջին քայլն է քաղաքակիրթ բանավէճով քաղաքական ուժերու մրցակցութեան որակը բարելաւելու:

Բ) Առիթ կը հանդիսանայ թէ՛ քաղաքական ուժերուն, եւ թէ ժողովուրդին համար, մրցակցութեան վազքէն անդին, ծանօթանալու իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ծրագիրին ու յանուն պետութեան եւ ժողովուրդին յանձն առնելիք պատասխանատուութեան, կարելիութիւններուն: Նման բանավէճեր առիթ են նաեւ ժողովուրդը հետեւորդի վիճակէն դուրս բերելու ու քաղաքականացնելու, անոր ներկայանալու ոչ թէ խոստումներով, այլ պետութեան ու ժողովուրդին զարգացման նպաստող ծրագիրներով, որպէսզի ան կարենայ ընտրել իր քաղաքական հայեացքները  ներկայացնող ուժը: Սա պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը դնէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ եւ թեկնածու՝ յանձնառութեամբ մօտենալու ընտրական, ապա նաեւ քաղաքական գործընթացին եւ հաշուետու ըլլալու իր իւրաքանչիւր արտայայտութեան կամ խոստումին:

Գ) Հեռարձակումը առիթ կ’ընծայէր նաեւ սփիւռքահայութեան՝ տեսնելու հայաստանեան քաղաքական ուժերուն ամբողջական պատկերը, հետեւելու Նոր Հայաստանի մէջ դրական ուղղութեամբ զարգացող խօսքի, բանավէճի մշակոյթին: Նման երեւոյթներն են, որոնք նաեւ պիտի խրախուսեն սփիւռքահայը ու նոր շունչ հաղորդեն հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան, փոխադարձ վստահութեան:

«Այս ընտրութիւնը ընտրութիւն է ապագայի համար», շեշտեց ՀՅԴ թեկնածու Արմէն Ռուստամեան: Իսկ նման բանավէճեր լուսարձակի տակ կը բերեն մեր ժողովուրդի պետական եւ ընդհանրական շահերը ու առիթ կը հանդիսանան զիրար հանդուրժելով բոլոր ջանքերը մէկտեղելու, բոլորին փորձառութիւնն ու անցած  ուղին ի սպաս դնելու հայրենիքին, պետութեան ու ժողովուրդին: