ՀՀ Նախագահը 6 Միլիոն Դրամ Նուիրած է` Գիւմրիի Մէջ Ընկերային Ծրագիրները Ընդլայնելու Նպատակով

Հայաստան

Աշխատանքային այցով Գիւմրի գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան Դեկտեմբեր 5-ին այցելած է Հայաստանի կոյրերու միաւորման Գիւմրիի ուսումնաարտադրական ձեռնարկութիւն, որ բնական հումքով իւղաներկեր եւ ներկանիւթեր կ՛արտադրէ:

Նախագահը զրուցած է կոյրերու միաւորման անդամներու եւ ներկերու արտադրութեան մէջ աշխատողներու հետ, ծանօթացած ներկերու արտադրութեան արհեստագիտութեան, գործունէութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներուն: Անիկա նաեւ ընկերային նշանակութեան ծրագիր է, քանի որ ատոր արդիւնքով կը ստեղծուին նոր աշխատատեղեր` հիմնականօրէն հաշմանդամներու համար: Հանրապետութեան նախագահը 6,000,000  դրամ նուիրած է ՀՀ` ծրագիրները ընդլայնելու համար:

Կոյրերու միաւորման անդամները իրենց արտադրած ներկերով ստեղծած իւղանկար նուիրած են Արմէն Սարգսեանին: Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ նկարը իր պատուաւոր տեղը պիտի ունենայ նախագահական նստավայրին մէջ: