«Էրտողանը Պալատի Մէջ Կ՝ապրի, Իսկ Միտքը՝ Բանտի». Փերուին Պուլտան

Աշխարհ

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) համանախագահ Փերուին Պուլտանը մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը՝ բանտի մէջ գտնուող քրտամէտ կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշի վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber-ը։

Էրտողան ըսած էր, որ Թուրքիան պիտի չբաւարարէ Տէմիրթաշի կալանքը վերացնելու մասին Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) պահանջը:

«Էրտողանը կ՝ապրի պալատի մէջ, բայց անոր միտքը Էտիրնէի բանտին մէջ է։ (Այնտեղ կալանաւորուած է Տէմիրթաշը-խմբ)։ Անհրաժեշտ է, որ Տէմիրթաշը ազատ արձակուի։ ՄԻԵԴ-ի որոշումը պէտք է նախադէպ դառնայ, որ մեր միւս ընկերները նոյնպէս յայտնուին ազատութեան մէջ։ Բայց թրքական դատարանը իշխանութեան հրահանգով չ՝իրագործեր եւրոդատարանի պահանջը»,- ըսած է Պուլտանը։

Յիշեցնենք, որ Սելահէտտին Տէմիրթաշը շուրջ երկու տարի է անազատութեան մէջ է: Ան, կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկէն Իւքսեքտաղը եւ խորհրդարանի 9 ԺԴԿ պատգամաւոր ձերբակալուած էին «յանցախումբ ստեղծելու», «ահաբեկչական խմբաւորման յարելու», «ահաբեկչութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու» մեղադրանքներով: